Ազերպայճանէն՝ պատմութիւնը վերաշարադրելու քայլ մը եւս
Երկրին իշխանութիւնները Նախիջեւանի Սահմանադրութենէն ջնջած են Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերու անունները
Ազերպայճան կը շարունակէ պատմութիւնը վերաշարադրելու իր քաղաքականութիւնը եւ երկրին երեսին իրեն աննպաստ ամէն ինչ ջնջելու իր քայլերէն ետք, հիմա ալ որոշած է խանգարող փաստերը ջնջել պատմութեան էջերէն։
Արդարեւ, ազերպայճանական լրասփիւռներուն իսկ վկայութեամբ՝ երկրին իշխանութիւնները Նախիջեւանի Սահմանադրութենէն զեղչած են Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերու անուանումները։
«Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանը կը փոփոխուի, Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերու անունները դուրս կը մնան Նախիջեւանի Սահմանադրութենէն։ Սա կը կատարուի “Ազերպայճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ հաստատելու մասին…” սահմանադրական օրէնքի նախագիծի շրջանակին մէջ։
Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան գործող Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ նշուած է, թէ Նախիջեւանի ինքնավարութեան հիմքերը դրուած են միջազգային դաշնագրերով՝ 1921 Մարտ 16-ի Մոսկուայի դաշնագրով եւ 1921 Հոկտեմբեր 13-ի Կարսի դաշնագրով, որոնք կը գործեն մինչեւ այսօր։
Առաջարկուող նոր խմբագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազերպայճանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասն է։ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան սոյն Սահմանադրութեան հիմքը կը կազմեն 1991 Օգոստոս 30-ի “Ազերպայճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան վերականգնման մասին” հռչակագրին եւ 1991 Հոկտեմբեր 18-ի “Ազերպայճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին” սահմանադրական արձանագրութեան մէջ ամրագրուած սկզբունքները, ինչպէս նաեւ 1995 Նոյեմբեր 12-ին համաժողովրդական քուէարկութեամբ՝ հանրաքուէով ընդունուած Ազերպայճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը։ Քննարկումներէ ետք օրինագիծը ընդունուած է խորհրդարանին կողմէ՝ երկրորդ քուէարկութեամբ»,– կը յայտնէ ազերպայճանական «APA» գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ վերոյիշեալ՝ «Ազերպայճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան վերականգնման մասին» հռչակագրին համաձայն՝ Ազերպայճան կը յաւակնի Հայաստանի գրեթէ ամբողջ տարածքին։
