Թրքական «Տեյլի Սապահ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին, Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Կիորկի Ճանճկաւա յայտարարած է, թէ Վրաստան պիտի չմասնակցի այսպէս կոչուած 3+3 ձևաչափով յաջորդական հանդիպման։
Դեսպանին համաձայն՝ «Թուրքիա եւ Ազէրպայճան իր երկրին համար ռազմավարական գործընկեր են, իսկ Հայաստան՝ պատմական ու բարի դրացի։ Սակայն Ռուսաստան բռնագրաւած է Վրաստանի 20 առ հարիւրը»։
Յիշեցնենք, թէ անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 10-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած 3 + 3 ձևաչափով առաջին հանդիպումին մասնակցած էին Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Ազէրպայճանի և Հայաստանի պատուիրակութիւնները՝ Արտաքին գործոց փոխնախարարներու գլխաւորութեամբ։ Վրաստանի ԱԳ նախարարութիւնը հանդիպման նախօրեակին յայտարարած էր, թէ սոյն հանդիպումին չի մասնակցիր։