Հայկական ընկերութիւններ կը մասնակցին Փարիզի գինեգործութեան ցուցահանդէսին

Գինի

Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի աջակցութեամբ, հայկական գինեգործական 23 ընկերութիւններ՝ Հայաստանի միասնական տաղաւարով, Փետրուար 9-11-ին կը մասնակցին գինեգործութեան ոլորտի ամենահեղինակաւոր միջազգային ձեռնարկներէն մէկուն՝ «Wine Paris 2026» գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու միջազգային տարեկան ցուցահանդէսին։

Վայրը՝ «Paris Expo — Porte de Versailles», Սրահ՝ 4, B 239։