Կաթողիկոսը ընդունած է բանակէն հեռացուած գնդերէցները եւ նոր նշանակումներ կատարած
Պապիկեան պարզաբանած է որոշումը
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Փետրուար 7-ին ընդունած է գնդերէցները, որոնց ծառայութիւնը ՀՀ Զինուած ուժերուն մէջ դադրեցուած է Փետրուար 1-էն սկսեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
Հանդիպման ընթացքին Գարեգին Բ. կատարած է հոգեւոր սպասաւորներու նոր նշանակումներ՝ «յորդորելով քահանայ հայրերուն նոյն նուիրումով եւ յանձնառու ոգիով շարունակել հոգեփրկչական իրենց առաքելութիւնը ծառայութեան նոր վայրերուն մէջ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
«Երկակի ենթակայութիւն չի կրնար ըլլալ»
Միւս կողմէ, Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է գնդերէցներու ծառայութիւնը դադրեցնելու որոշումին։
«Բանակին, զինուած ուժերուն մէջ չի կրնար ըլլալ երկակի ենթակայութիւն»,– յայտարարած է նախարարը՝ յստակացնելով, որ փոխուած է ծառայութեան բնոյթը. «Այն շահարկումները, թէ հոգեւոր ծառայութիւնը բանակին մէջ կը դադրեցուի, ճիշդ չեն։ Բանակին մէջ կրնայ շարունակուիլ հոգեւոր ծառայութիւնը, պարզապէս անոնք պէտք է ենթարկուին Զինուած Ուժերու բարոյահոգեբանական գծով վարչութեան»։
Ըստ նախարարի նոր հրամանին, որ ուժի մէջ մտած է Փետրուար 1-էն, պայման է, որ հոգեւոր ծառայողները Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր կրթութիւն ստացած ըլլան, սակայն անոնց գործունէութիւնը պիտի համակարգուի Գլխաւոր սպայակոյտին կողմէ։
Անդրադառնալով շրջող լուրերուն, թէ կարգալոյծ եղած հոգեւորականներուն կ՚առաջարկուի 700 հազար դրամ աշխատավարձով գնդերէց աշխատիլ, Պապիկեան պատասխանած է. «Ես հիմա աշխատավարձի չափ չեմ կրնար ըսել, բայց մեր հրապարակած հրամանը կը բացայայտէ, որ այո՛, մենք կրնանք պայմանագիր կնքել Հայաստանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր կրթութիւն ունեցող սպասաւորներու հետ»։
Հոգեւորականները մտահոգութիւն յայտնած էին, որ այսպէսով պաշտպանական ծախսերու համար նախատեսուած գումարով կը հովանաւորուի Եկեղեցին հալածելու օրակարգը։ Նախարար Պապիկեանի հրամանին նախորդած էին ահազանգեր, որ բանակի հրամանատարները գնդերէցներուն կը յորդորեն միանալ վարչապետ Փաշինեանի հռչակած՝ Եկեղեցւոյ բարենորոգման օրակարգին։