Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ՊՆ.– Ազէրպայճան հրետանիով և անօդաչու սարքերով վերսկսած է կրակոցը

Երեք հայ զինուոր վիրաւորուած է

Յունուար 11-ի երեկոյեան, ազէրպայճանական ուժերը վերսկսած են կրակոցը՝ հայ-ազէրպայճանական սահմանի արեւելեան շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, օգտագործելով նաեւ հրետանի եւ անօդաչու սարքեր։ Հայկական կողմը դիմած է համարժէք գործողութիւններու։ Ժամը 18.30-ին փոխհրացանաձգութիւնը կը շարունակուէր։ Լուրը հաղորդած է ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը։

Հայկական կողմի կորուստներու մասին տուեալները կը ճշդուին։ Սա պահուս յայտնի է երեք վիրաւորի մասին։ Իրադրութեան զարգացումներու վերաբերեալ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար հանդէս կու գայ հաղորդագրութիւններով։