Բողոքի ցոյց՝ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերու նկարներով
Screenshot
Փետրուար 9-ին, Հայաստանի նախագահի նստավայրին մօտ, ուր ժամանած է Ճէյ. Տի. Վենսի պատուիրակութիւնը, խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կատարած են։
Պաքուի մէջ բանտարկուած ու դատապարտուած հայերու նկարները պարզած՝ ցուցարարները վանկարկած են «Ազատութի՛ւն, ազատութի՛ւն հայ պատանդներուն»։
Ցոյցին մասնակցած են նաեւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան ղեկավար Մանէ Թանդիլեանը, ՀՀ նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Լարիսա Ալավերդեանը, Արցախի նախկին ՄԻՊ եւ նախկին Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը եւ ուրիշներ։