Հայաստան 2025-ի Համաշխարհային զբօսաշրջութեան մրցանակաբաշխութեան հռչակուած է Եւրոպայի՝ ժառանգութեան առաջատար ուղղութիւն

Մրցանակ

Հայաստան 2025-ի Համաշխարհային զբօսաշրջութեան մրցանակաբաշխութեան հռչակուած է Եւրոպայի՝
ժառանգութեան առաջատար ուղղութիւն

ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէին կը հաղորդէ, որ Հայաստան ճանչցուած է Եւրոպայի առաջատար ժառանգութեան ուղղութիւն (Europe’s Leading Heritage Destination):

Յայտարարութիւնը կատարուած է Համաշխարհային զբօսաշրջութեան 2025-ի հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան արարողութեան (World Travel Awards 2025) ընթացքին, ուր Հայաստան արժանացած է բարձրագոյն պատիւին՝ ժառանգութեան զբօսաշրջութեան անուանակարգին մէջ:

Այս մասին հաղորդագրութեան մէջ Զբօսաշրջութեան կոմիտէն կը նշէ, թէ այս ճանաչումը կ՚ընդգծէ Հայաստանի հարուստ մշակութային աւանդը, դարաւոր պատմութիւնը եւ իւրայատուկ ժառանգութիւնը, որոնք կը շարունակեն գրաւել այցելուներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն:

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH