Հայաստանեան Unibank-ը հանուած է Ռուսաստանի նկատմամբ ԵՄ-ի պատիժներու ցանկէն
Քննարկման վերջին հանգրուանին Ռուսաստանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան պատիժներու ցանկէն հանուած է հայաստանեան Unibank-ը:
Պրիւսէլ 103 կազմակերպութիւններու եւ անհատներու շարքին կ՚առաջարկէր պատիժներ սահմանել նաեւ 2001-ին Հայաստանի մէջ հիմնադրուած Unibank-ի եւ ազերպայճանական Yelo Bank-ի նկատմամբ: Ազերպայճանական դրամատունը կը շարունակէ մնալ ցանկին վրայ:
Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան կազմած սահմանափակումներու 20-րդ փաթեթին նպատակն է, ըստ Պրիւսէլի, թիրախաւորել Ռուսաստանի եկամուտներն ու ռազմական կարողութիւնները՝ ի պատասխան Ուքրաինայի դէմ արդէն չորրորդ տարին շարունակուող պատերազմին:
“Մենք առաջին անգամ ըլլալով պիտի աշխուժացնենք նաեւ պատիժներու շրջանցման դէմ պայքարը՝ արգիլելով համակարգչային թուային կառավարման մեքենաներու եւ ռատիօընդունիչներու արտածումն ու մատակարարումը, երբ գոյութիւն ունի այդ արտադրանքի՝ Ռուսաստան վերարտածման բարձր վտանգ”, – այս ամսուան սկիզբը յայտարարած էր Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը։
