Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը ընդունեց արեւմտահայերէն դասաւանդելու ծրագիրը
«Ասպարէզ» – Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը վաւերացուց երկլեզու դասաւանդումներու իր ծրագիրը ընդարձակելու որոշումը՝ արեւմտահայերէնը եւս ընդգրկելով անոր մէջ, իր անձնակազմին կոչ ընելով, որ զայն անյապաղ գործադրութեան դնէ, մշակելով զայն իրականացնելու յարմար քայլերը։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը այս նախաձեռնութիւնը աշխուժօրէն յառաջ մղած էր, վտանգուած նկատուող արեւմտահայերէնով դասաւանդումներու կարելիութիւնը ստեղծելու համար շրջանի հայութեան։
Կրթաշրջանին երկլեզու դասաւանդումներու ներկայ ծրագիրը կ՚իրականացուի 7 լեզուներով՝ արեւելահայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, ճափոներէն, գորէայերէն եւ սպաներէն, նախամանկապարտէզէն եւ մանկապարտէզէն սկսեալ, աւելի՛ զարգացնելով աշակերտներուն լեզուամտածողութիւնը։ Ներկայիս անոր կը մասնակցին շուրջ 3000 աշակերտներ։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լուսի Պետրոսեան ողջունեց արեւմտահայերէնը երկլեզու դասաւանդումներու ծրագրին մէջ ընդգրկելու՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան որոշումը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր նեցուկ կանգնողներուն եւ յատկապէս քաղաքի քարտուղար դոկտ. Սիւզի Ապաճեանին։
Իր կարգին, Ապաճեան յոյս յայտնեց, որ ծրագիրը անյապաղ գործադրութեան պիտի դրուի։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան եւս դրուատեց Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան որոշումը, զայն քաղաքին եւ հայ համայնքին միջեւ շինիչ գործակցութեան արգասիքը նկատելով։
