Երեք տարուան պաշտօնավարումէ ետք՝ Յունուարի կիսուն ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ

Այս մա­սին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դես­պա­նատու­նէն։

Դես­պա­նատան յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշուի, որ դես­պա­նին հե­ռանա­լէն ետք ԱՄՆ-ու քա­ղաքա­կանու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ փո­փոխու­թեան պի­տի չեն­թարկուի։

«Միացեալ Նա­հանգներ կը շա­րու­նա­կէ հա­ւատա­րիմ մնալ Հա­յաս­տա­նի հետ իր գոր­ծընկե­րու­թեան ու կ՚ակնկա­լէ տես­նել ԱՄՆ-ու եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան հե­տագայ զար­գա­ցու­մը, ինչպէս նաեւ՝ Օգոս­տոս 8-ին Ուա­շինկթը­նի մէջ կա­յացած խա­ղաղու­թեան պատ­մա­կան վե­հաժո­ղովի ըն­թացքին նա­խագահ Թրամ­փի եւ վար­չա­պետ Փա­շինեանի մի­ջեւ ստո­րագ­րուած երկկող­մա­նի հա­մաձայ­նագրե­րու իրա­կանա­ցու­մը»,– ըսուած է դես­պա­նատան հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։