Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՉԵԽԻԱ. Հայ գործարարը պարգեւատրուած է Չեխիոյ նախագահին կողմէ

Չեխիա լոյս տեսնող «Օրեր» ամսագրին մէջ կը կարդանք հետեւեալ լուրը.-

Չեխիոյ նախագահը Մարտ 7-ին Փրակայի ամրոցի Վլատիսլաւեան պատմական դահլիճին մէջ պարգեւատրեց չեխահայ ծանօթ գործարար «Մարլենքա Ինթէրնէշընըլ» ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեանը:

Նախագահ Միլօշ Զեման Աւետիսեանին յանձնեց «Ծառայութիւններու համար առաջին աստիճանի շքանշան»-ը, զոր անցեալ տարի շնորհած էր հայ գործարարին:

Գէորգ Աւետիսեան Չեխիոյ պատմութեան մէջ առաջին Հայն է, որ կ՚արժանանայ նմանօրինակ բարձր պարգեւի: Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին բարձրագոյն պարգեւներու արժանացան չեխական մշակոյթի ու գիտութեան, քաղաքական ու հասարակական կեանքի, մարզական աշխարհի, գործարարական աշխարհի շուրջ 60 ներկայացուցիչներ:

Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան ուրախութեամբ նշեց, որ Գէորգ Աւետիսեանի պարգեւատրումը նաեւ հայութեա՛ն հպարտութիւնն է եւ ներդրում ունի չեխ- հայկական յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ Հայաստանի հետ կապերը ամրապնդելու գործին մէջ:

«Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան որ ներկայ կը գտնուէր հանդիսութեան, շնորհաւորելով հայ անուանի գործարարը, դիտել տուաւ որ Չեխահայութեան համար նշանակալից օր է, քանի որ Գէորգ Աւետիսեան անցեալ տարիներու ընթացքին ոչ միայն զարգացուցած է իր գործը, այլ նաեւ ներկայիս աւելի քան 50 երկիրներ արտածած է «Մարլենքա» խմորեղէնը, նաեւ բազմաթիւ հարցազրոյցներով ան կը նպաստէ Հայաստանի ու Հայութեան մասին ճշմարիտ տեղեկատւութեան տարածման: