ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Փեսքով. «Ռուսաստան չի կրնար դադրեցնել այս պատերազմը»

Փեսքով

Ռուսաստան չի կրնար դադ­րեցնել Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ ըն­թա­ցող այս պա­տերազ­մը, բայց պէտք է քայ­լե­րու ձեռ­նարկէ իր շա­հերը, նե­րառեալ՝ տնտե­սական շա­հերը ապա­հովե­լու նպա­տակով”,–  յայ­տա­րարած է Քրեմ­լի­նի պաշ­տօ­նական բան­բեր Տմիթ­րի Փես­քո­վ, Մարտ 5-ին արտայայտուելով ռուսական պե­տական հեռատեսիլէն։

Մենք պէտք է ընենք այն, ինչ որ կը հա­մապա­տաս­խա­նէ մեր շա­հերուն։ Հար­կա­ւոր է մեր տնտե­սու­թեան հա­մար նուազա­գոյ­նի իջեց­նել այն հա­մաշ­խարհա­յին ցնցումնե­րուն հե­տեւանքնե­րը, որոնք ար­դէն սկիզբ առած են։ Մենք պէտք է օգուտ քա­ղենք հոն­կէ, ուր որ կա­րելի է, որ­քան ալ այդ հնչէ լիրբ”,– շա­րու­նա­կած է ան։

Փեսքով նաեւ յայտարարած է, որ իրանական կողմը օգնութեան որեւէ խնդրանքով չէ դիմած Ռուսաստանին։