Հայաստանի եւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարներն ուղերձներ փոխանակած են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ
Հայաստանի եւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարները ուղերձներ փոխանակած են՝ երկու երկիրներու միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ: Լուրը հաղորդած են ՀՀ ԱԳ նախարարութենէն։
Իր ուղերձին մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան նշած է, թէ 30 տարի առաջ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները նոր թափ հաղորդած են հայ-իսրայէլեան համագործակցութեան: Ան ընդգծած է, որ վերջին երեք տասնամեակները յատկանշուած են բազմաթիւ կարեւոր իրադարձութիւններով, եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ ընդհանուր ներուժը տակաւին լիարժէք չէ դրսեւորուած։ Միրզոյեան վստահութիւն յայտնած է, որ ապագային համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ փոխադարձ վստահութեամբ եւ յարգանքով։
Իր կարգին, Իսրայէլի ԱԳ նախարար Եաիր Լափիտ նշած է, թէ իսրայէլա-հայկական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը նոր կարելիութիւն կը ստեղծէ զանազան բնագաւառներու մէջ միասնական նպատակներ իրագործելու համար։ Ան ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ ուղղակի երխօսութեան կարեւորութիւնը եւ վստահեցուցածէ որ ջանք պիտի չխնայուի զարգացնելու համագործակցութիւնը՝ առկայ ամբողջ ներուժը օգտագործելու համար։