Դեկտեմբեր 29-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի» առցանց հանրագիտարանին շնորհահանդէսը։

«APA» գործակալութեան համաձայն՝ այս գործը պատրաստուած է Պաքուի մէջ գործող Ռազմավարական հաղորդակցութեան կեդրոնին կողմէ։

«Ծրագրի ծիրէն ներս ստեղծուած է յատուկ կայքէջ մը, որուն ութ բաժինները տեղեկութիւն կը պարունակեն “Արեւմտեան Ազերպայճան”-ի աշխարհագրական պայմաններուն, պատմական աշխարհագրութեան, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան վերաբերեալ։ Անդրադարձ կայ քաղաքական, ընկերա-տնտեսական, ռազմական եւ մշակութային պատմութեան»,– կը տեղեկացնէ «APA» գործակալութիւնը։

Երեւանէն բազմիցս յայտարարած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ «Արեւմտեան Ազերպայճան», եւ այս հարցով քննարկումը բացառուած է։

Վերջերս ալ, Համպուրկի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, թէ «[Արցախ] վերադարձի նիւթը շատ վտանգաւոր նիւթ է»։

“Ազերպայճան մէկ կողմէն կ՚ըսէ «Արեւմտեան Ազերպայճան», միւս կողմէն կ՚ըսէ՝ «գրուած է՝ ղարաբաղցի հայեր»։ … Եւ ես կ՚ուզեմ հիմա բաց, հրապարակային առաջարկ մը ընել Ազերպայճանին, որովհետեւ որքան անոնք այդ նիւթերով խնդիր ունին, մենք ալ խնդիր ունինք։ Ես կ՚առաջարկեմ, որ մենք ընդունինք միացեալ ճանապարհային քարտէս մը՝ այս երկու նիւթերը զուգահեռաբար փակելու ուղղութեամբ”,– ըսած էր Փաշինեան։