Լոնտոնի մէջ, Ապրիլ 22-էն 24 կազմակերպուեցան ոգեկոչման ձեռնարկներ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Ապրիլ 22-ին Լոնտոնի հայկական Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյթ մը, իսկ Ապրիլ 23-ին կազմակերպուեցաւ երթ՝ Վեսթմինսթըր մայր տաճարէն մինչեւ Սուրբ Եղիշէ եկեղեցի։
Ապրիլ 24-ի առաւօտեան նոյն եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ սրբադասուած նահատակներու յիշատակին, անկէ ետք ոգեկոչման արարողութիւն՝ մայրաքաղաքի Իլինկ թաղը գտնուող Յիշատակի ծառին քով (Memorial Tree):
Վերոնշեալ ձեռնարկներուն դեսպան Վարուժան Ներսէսեան հանդէս եկաւ ուղերձներով, նշելով թէ՝ Հայաստան պիտի շարունակէ նպաստել ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգելման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերուն։
“Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնների կանխարգելման համար։ Հայաստան երկար տարիներ եղել եւ շարունակում է մնալ միջազգային ասպարէզում ցեղասպանութեան դէմ պայքարի ազատամարտիկը՝ հեղինակելով մի շարք բանաձեւեր։
Անցեալի ցեղասպանութիւնների ճանաչումը առանցքային նշանակութիւն ունի աշխարհի որեւէ անկիւնում նմանօրինակ ոճրագործութեան կամ ցեղասպանութեան կրկնութեան կանխարգելման համար։
Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնն այսօր ոգեշնչում է միջազգային նոր յանցանքներ ծրագրողներին։
2020 Սեպտեմբերին Ադրբեջանի կողմից Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծած պատերազմը, որն ուղեկցւում էր յանցագործութիւններով եւ ցեղային զտումներով, ապացուցեց, որ նախկինում իրագործուած յանցագործութիւնների անպատժելիութիւնն անդառնալի հետեւանքներ կարող է ունենալ”,– իր ելոյթներու ընթացքին յատկապէս ընդգծեց Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան։