Կաշառք՝ ձեւակերպուած իբրեւ աշխատավարձ

Կաշառք

Բացայայտուած են ընտրակաշառքի դէպքեր, հրապարակուած են ձայնագրութիւններ

«Հայկական ժամանակ» թերթը կը գրէ, որ ՀՀ Հակակոռուպցիոն (կաշառակերութեան դէմ պայքարի) կոմիտէի հետախուզական ստորաբաժանումներու կատարած լայնածաւալ գործողութիւններուն շնորհիւ յայտնաբերուած են փաստական տուեալներ, ըստ որոնց՝ խումբ մը անձեր, նախնական համաձայնութեամբ, նպատակադրած են ընտրակաշառք բաժնել Արմաւիրի մարզին մէջ բնակող շարք մը քաղաքացիներու՝ ապահովելով անոնց մասնակցութիւնը 2026 Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ քուէարկութիւնը՝ իրենց կողմէ մատնանշուած կուսակցութեան ի նպաստ։

Յիշեալ անձերը, իրենց յանցագործական մտադրութիւնը իրագործելու նպատակով, նախ Մեծամօր համայնքին մէջ բացած են «Մեր ձեւով» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակ, որմէ ետք Արմաւիրի մարզի տարբեր բնակիչներ 2025-2026 թուականներու ընթացքին ձեւականօրէն արձանագրած են յիշեալ կազմակերպութեան մէջ՝ յանձնարարելով հաւաքագրել անձեր, որոնք ընտրութիւններուն պիտի քուէարկեն «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ի նպաստ։ Պարզուած է նաեւ, որ նախապէս խոստացուած եւ հանգրուանային եղանակով տրամադրուող ընտրակաշառքը ձեւակերպուած է իբրեւ աշխատավարձ՝ անով փորձելով քօղարկել ընտրակաշառքի տրամադրման փաստը եւ նուազագոյնի հասցնել անոր բացայայտումը։

Յատկանշական է, որ յիշեալ հասարակական կազմակերպութեան մէջ «աշխատանքի» ընդունուելու գլխաւոր պայմանն էր՝ ըլլալ քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացի, ինչպէս նաեւ ունենալ մեծ ընտանիք եւ ծանօթներու լայն շրջանակ։

Բացի ասկէ, արձանագրուած է ընտրական օրէնքի ուրիշ խախտում մը։ Յայտնի է, որ երբ երկրին նախագահը պաշտօնապէս կը յայտարարէ ընտրութիւններու թուականը, կուսակցութիւններուն օրէնքով կ՚արգիլուի որեւէ տեսակի բարեգործութիւն ընել։ Հակառակ ասոր, 2026 Փետրուար 7-էն ետք՝ ճիշդ այդ արգելքի ժամանակաշրջանին, խումբ մը անձեր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անունով գումարներ բաժնած են Արմաւիրի մարզի ընտրողներուն։ Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն կատարուած այս դրամաբաշխումը պարզապէս քօղարկուած է «բարեգործութեան» անուան տակ՝ պատրուակելով, թէ կը հոգան քաղաքացիներուն բժշկական ծախսերը։

Դէպքին առթիւ, ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, կատարուած են մէկ տասնեակ խուզարկութիւններ, ձերբակալուած է հինգ հոգի։

Կաշառակերութեան դէմ պայքարի կոմիտէն կը յորդորէ զերծ մնալ քօղարկուած կամ որեւէ այլ եղանակով ընտրակաշառք բաժնելու, ինչպէս նաեւ բարեգործութեան վերաբերեալ օրէնսդրական արգելքը խախտելու յանցագործական վարքագիծէն, իսկ քաղաքացիներուն կոչ կ’ընէ խուսափելու ընտրական յանցագործութիւններու կամ անոնց հետ առնչուող կասկածելի գործողութիւններու մէջ ներգրաւուելէ, ներառեալ՝ առանց աշխատանք կատարելու վարձատրուելէ։

Կոմիտէն, նկատի առնելով սոյն յանցագործական գործիքակազմերու առկայութիւնը, այսուհետեւ պիտի կատարէ մնայուն դիտարկում՝ պարզելու ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն հետ կապ ունեցող կազմակերպութիւններուն մէջ արձանագրուած կամ անոնց հետ առնչութիւն ունեցող այն անձերը, որոնք այս կամ այն ձեւով, ներառեալ քօղարկուած եղանակներով, ներգրաւուած են ընտրական յանցագործութիւններու կատարման կամ նախապատրաստման ծրագրերուն մէջ։