«Ուժեղ Հայաստան»-ի նոր դաշինքը
Screenshot
եւ Գագիկ Ծառուկեանի «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագիրը
Սամուէլ Կարապետեանի քաղաքական նոր միաւորումը
Միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը պատրաստուի յուշագիր ստորագրելով նոր դաշինք կազմելու երկու քաղաքական ուժերու հետ։ Այդ ուժերը հանրութեան լայն շերտերուն ծանօթ չեն եւ անցեալին աշխուժօրէն ներգրաւուած չեն եղած ընտրական գործընթացներու մէջ։ Տեղեկութիւններու համաձայն՝ անոնց շարքին չեն գտնուիր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կամ Էտմոն Մարուքեանի գլխաւորած ծանօթ ուժերը։ Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Գոհար Մելոյեան հաստատած է, որ նոր դաշինքով դռները չեն փակեր եւ բաց են նաեւ այլ միաւորումներու ու համագործակցութիւններու։
Զուգահեռաբար, տնային կալանքի տակ գտնուող Սամուէլ Կարապետեանին Քննչական կոմիտէն արտօնած է Դիմագիրքի միջոցով տեսաուղերձ հրապարակել կուսակցութեան ծրագրերուն վերաբերեալ, թէեւ փաստաբանական խումբը կը մատնանշէ, որ որոշումը տակաւին անորոշութիւններ եւ իրաւական ծուղակներ կը պարունակէ ձեւաչափի ու թուականներու առումով։
Գագիկ Ծառուկեանի նախընտրական արշաւն ու երաշխաւորուած խաղաղութեան տեսլականը
Ընտրութիւններուն ընդառաջ աշխուժացած է նաեւ Գագիկ Ծառուկեանը, որ արդէն գումարած է իր «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագրի համակարգող խորհուրդի անդրանիկ նիստը՝ զանազան հասարակական, քաղաքական գործիչներու եւ փորձագէտներու մասնակցութեամբ։


Ծառուկեան վերահաստատած է, որ իրենք ժողովուրդին կ՚առաջարկեն ոչ թէ գործող իշխանութիւններու զիջողական տարբերակը, այլ՝ իրական եւ երաշխաւորուած անվտանգութիւն՝ առանց հնազանդելու Իլհամ Ալիեւի կամ Ազերպայճանի թելադրանքներուն, որոնք կ՚ենթադրեն սահմաններու զիջում եւ պարտադրանք։ Յառաջիկային Ծառուկեան մտադիր է յատուկ խորհրդանշական գնացքով շրջիլ Հայաստանի մարզերը՝ իր ծրագիրը բնակչութեան ներկայացնելու համար, ի հակադրութիւն այլ ուժերու կազմակերպած հանրակառքերով արշաւներուն։
