Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիոյ մէջ առաջարկած են  Հայաստանի հետ սահմանային անցակէտը կոչել Թալէաթ փաշայի անունով

Թուրքիոյ մէջ քեմալական ընդդիմադիր «Յաղթանակ» կուսակցութիւնը առաջարկած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանային անցակէտը կոչել Հայոց ցեղասպանութեան պարագլուխներէն Թալէաթ փաշայի անունով: 

Խորհրդարանի մէջ քեմալական կուսակցութեան միակ ներկայացուցիչ եւ կուսակցութեան ղեկավար Իւմիթ Էօզտաղ նախագիծը առաջարկած է՝ ԱԳ նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի՝ Ուրուկուայի մէջ Հայերուն ազգայնամոլական «Գորշ գայլեր»-ու նշանը ցոյց տալէ ետք։

“Եթէ ձեր արձագանգը անկեղծ է, կը սպասենք մեր առաջարկին ձեր աջակցութիւնը։ Եթէ չաջակցիք ատոր, թուրք հասարակութիւնը կը յիշէ ձեր այդ կեցուածքը, եթէ աջակցիք, մենք կը ծափահարենք ձեզ”,– յայտարարած է թուրք երեսփոխանը։

Նշենք, թէ ներկայիս հայ-թրքական սահմանին թրքական անցակէտը կը կոչուի «Աքքայա», թարգմանաբար՝ «Սպիտակ ժայռ»։ ■