Իրան-ԱՄՆ եւ Իսրայէլ հակամարտութեան առաջին արձագանգները Հայաստանի մէջ

Ամերիկեան համալսարան

Ամերիկեան համալսարանը անցաւ առցանց ուսուցման

Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ ծայր առած լարուածութեան ու պատերազմական կացութեան առաջին անմիջական հետեւանքը իր արձագանգը գտաւ նաեւ Երեւանի մէջ։ Որպէս նախազգուշական քայլ՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը Երկուշաբթի, Մարտ 30-ին իր բոլոր դասընթացքները կազմակերպեց առցանց դրութեամբ։

Այս որոշումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Իրան սպառնացած է թիրախաւորել եւ խոցել զանազան երկիրներու մէջ գործող ամերիկեան կրթական հաստատութիւնները։ Այս ծիրին մէջ, համալսարանի տնօրէնութիւնը հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ՝ ուսանողութեան պարզաբանելով ստեղծուած կացութիւնն ու որդեգրուած նոր աշխատաոճը։

Ամերիկեան համալսարանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն կը նշուի, որ մեկնելով անվտանգութեան նկատառումներէն եւ նկատի ունենալով Արեւմտեան Ասիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան համալսարաններու թիրախաւորման վերաբերեալ Իրանի հնչեցուցած սպառնալիքները՝ որոշուած է բոլոր դասերը իրականացնել առցանց ձեւաչափով։

Համալսարանը միեւնոյն ժամանակ կը շեշտէ, որ սա պարզապէս նախազգուշական քայլ մըն է: Հաստատութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակի զարգացումներուն եւ ժամանակացոյցի կամ ուսուցման ձեւաչափի որեւէ փոփոխութեան պարագային հանրութեան պիտի հաղորդէ յաւելեալ տեղեկութիւններ։