Search
Close this search box.

Ալիեւ՝ Քարվաճառի մէջ.– “Մեր դիրքերը Հայաստանի հետ սահմանին ա՛լ աւելի կ՚ամրապնդուին”

Minval.az-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արցախի բռնագրաւուած Քարվաճառի շրջանի զօրամասերէն մէկուն այցի ընթացքին յայտարարած է, թէ «պատերազմէն յետոյ ազերպայճանական բանակը ա՛լ աւելի հզօրացած է թէ՛ մատակարարումներու, թէ՛ մարտունակութեան առումով»։

Ան աւելցուցած է.– “Մենք պիտի շարունակենք լուրջ քայլերու ձեռնարկել մեր բանակը զարգացնելու ուղղութեամբ: Նոր պայմանագրեր կնքուած են ժամանակակից զէնքի գնման համար։ Այդ պայմանագրերը արդէն կը գործադրուին, նոր սպառազինութիւն ու ժամանակակից զինամթերք կը մատակարարուի ու պիտի մատակարարուի Ազերպայճանին։ Մեր դիրքերը Հայաստանի հետ սահմանին առաւել կ՚ամրապնդուին: Եթէ Հայաստան սահմաններու յստակացման հարցով կրկին դիմէ «իր մարտավարութեան» (ընդգծումը՝ «ՆՅ»), փորձէ ժամանակ շահիլ, ի վերջոյ պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք «վրէժխնդիր ուժերու» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ”։