Պաքու Նախիջեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ազերպայճան» փառատօնը

Միրզոյեան

Միրզոյեան կը դատապարտէ

Յառաջիկայ Յունիս 18-19-ին, Նախիջեւանի Օրտուպատ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ազերպայճան» խորագիրը կրող երրորդ փառատօն-համագումարը։ Խիստ խնդրայարոյց եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ բացայայտ նկրտումներ պարունակող այս միջոցառումը կը վայելէ Ազերպայճանի պետական բարձրագոյն հովանաւորութիւնը։

Ազերպայճանական աղբիւրներու համաձայն՝ համագումարը կը կազմակերպուի Նախիջեւանի մէջ Ազերպայճանի նախագահի ներկայացուցչութեան, Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան, Նախիջեւանի պետական համալսարանին եւ «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ին միացեալ ջանքերով։ Օրակարգի վրայ են այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի» պատմական ժառանգութեան եւ հայկական տարածքներ «վերադարձի հեռանկարներուն» նուիրուած զեկոյցներ՝ գիտնականներու եւ հասարակական գործիչներու մասնակցութեամբ:

Անդրադառնալով Պաքուի այս յաջորդական գրգռիչ քայլին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ նման օրակարգը եւ անոր պետական հովանաւորումը «առնուազն չեն նպաստեր խաղաղութեան»։ Ան ընդգծած է, որ այս խօսոյթը բնաւ չի տեղաւորուիր խաղաղութեան, բարիդրացիութեան եւ հողային ամբողջականութեան ճանաչման այն գործընթացին մէջ, զոր կողմերը նախաձեռնած են իրարու հետ։

Երեւան բազմիցս վերահաստատած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ «Արեւմտեան Ազերպայճան» գոյութիւն չունի, եւ այս կեղծ օրակարգով որեւէ քննարկում ի սպառ բացառուած է։