Ռուսաստանէն նոր «պատիժ» Հայաստանին
«Ռոսսելխոզնադզոր»-ը առժամաբար պիտի սահմանափակէ հայկական ծաղիկներու ներածումը
Ռուսաստանի սննդամթերքի անվտանգութեան վերահսկող ծառայութիւնը՝ «Ռոսսելխոզնադզոր»-ը, Մայիս 22-էն սկսեալ առժամաբար սահմանափակումներ պիտի կիրարկէ Հայաստանէն ծաղիկներու ներածման վրայ:
Ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 2026 Մայիս 22-էն սկսեալ առժամաբար պիտի արգիլուի Հայաստանէն կամ հայկական ծագում ունեցող ծաղկային արտադրանքի ներածումը Ռուսաստան, մինչեւ որ աւարտին ջերմոցային տնտեսութիւններու տեսչական ստուգումներն ու անոնց արդիւնքներուն վերլուծութիւնը:
«Ռոսսելխոզնադզոր»-ը կը պնդէ, որ հակառակ Հայաստանի Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինին տուած երաշխիքներուն՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) տարածքին համար արգիլուած դեղերու հետքերու յայտնաբերումը կը շարունակուի: Ըստ ռուսական կողմին՝ 96,2 միլիոն ծաղիկի ներածման ընթացքին արձանագրուած է խախտումի 135 դէպք, ինչ որ կը կազմէ 2025-ի ամբողջ տարուան ընթացքին յայտնաբերուած դէպքերուն 77 տոկոսը:
Նշենք, որ վերջին տարիներուն Հայաստանէն ծաղիկի արտածումը էապէս աճած է, եւ Ռուսաստանը հայկական ծաղիկի գլխաւոր սպառողն է։ Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէին համաձայն՝ վերջին հինգ տարուան ընթացքին արտածումը աճած է եօթնապատիկ՝ 7,4 միլիոն տոլարէն հասնելով աւելի քան 53 միլիոն տոլարի (2025-ին): Օրինակի համար, 2024-ին արտածուած 36 միլիոն տոլարի ծաղիկէն 32,7 միլիոնը ուղղուած է Ռուսաստան, իսկ 2023-ին՝ 20,8 միլիոնէն աւելի քան 19 միլիոնը:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ Ռուսաստան յայտարարած էր նաեւ հայկական որոշ ընկերութիւններու մթերքներուն նկատմամբ խստացուած ստուգումներու կիրարկման մասին՝ պատճառաբանելով յաճախակի խախտումները: «Ռոսսելխոզնադզոր»-ը այն ատեն եւս պնդած էր, թէ Հայաստանէն մտնող մթերքներուն,– օրինակ՝ «Ջերմուկ» հանքային ջուրերուն մէջ,– արգիլուած նիւթեր կը յայտնաբերուին՝ եզրակացնելով, որ հայկական վերահսկողութիւնը բաւարար չի գործեր:
