Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի հետ։
Հանդիպումին կողմերը ընդգծած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին համապարփակ ու մնայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի ցամաքամասի վարչութեան տնօրէն Ֆրետերիք Մոնտոլոնիի հետ:
Հանդիպումին, Գրիգորեան եւ Մոնտոլոնի անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին քաղաքական մնայուն կարգաւորման՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ:
Զրուցակիները քննարկած են երկկողմ համագործակցութեան շրջանակը ընդլայնելու եւ զարգացնելու վերաբերեալ շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս՝ Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական եւ անվտանգային գործակցութեան հեռանկարները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։