Նոր սպառազինութիւն, նոր բանակ
Մայիս 28-ի Անկախութեան օրուան զօրահանդէսը պարզապէս հանդիսաւոր շքերթ մը չէր։ Անիկա առիթ էր հանրութեան ցոյց տալու 2022-էն ի վեր պաշտպանական ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան վարած ռազմավարութեան արդիւնքները։ Այն օրէն, երբ Ռուսաստանն ու ՀԱՊԿ-ն հրաժարեցան Հայաստանի հանդէպ իրենց դաշնակցային պարտաւորութիւնները կատարելէ եւ մերժեցին Հայաստանը պաշտպանել ազերպայճանական յարձակումներէն. այն օրէն՝ երբ Ռուսաստան չյարգեց Հայաստանին չորս միլիոնի զէնք վաճառելու պայմանագիրը. այն օրէն՝ երբ Հայաստան ստիպողաբար սառեցուց իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին եւ ընդունեց Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը՝ ազերպայճանական սահմանին վրայ յարձակումները կանխելու համար. այն օրէն՝ երբ ռուս խաղաղապահ ուժերը յանձնեցին Արցախը ու հրաժարեցան պաշտպանելէ արցախցիները՝ Արցախի մէջ բնակութեան իրաւունքը. այն օրէն մինչեւ այսօր, հանրութիւնը գրեթէ անտեղեակ էր Հայաստանի կառավարութեան պաշտպանական բնագաւառի ձեռքբերումներէն։ Զօրահանդէսը ապացոյցն էր Պաշտպանութեան նախարարութեան չորս տարուան լռելեայն աշխատանքին։
Նոր սպառազինութիւնը նախ եւ առաջ ապացոյցն էր Հայաստանի պաշտպանական համակարգին՝ Ռուսաստանէն անկախացման։ Խորհրդային շրջանէն մինչեւ 2022, ան եղած էր Հայաստանի առանձնաշնորհեալ սպառազինողը։ Տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի ռազմական ներուժը գրեթէ ամբողջութեամբ կապուած էր ռուսական զինուժին եւ ռուսական ռազմական կրթութեան չափանիշերուն։ 2016-ի Չորսօրեայ պատերազմի պարտութեան առնչութեամբ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան լրագրողներուն կը յայտնէր հայկական բանակին՝ 1980-ական թուականներու զէնքերով սպառազինուած ըլլալու խղճալի պարագան։ Իսկ Մայիս 28-ի շքահանդէսը ցոյց կու տար չորս տարուան ընթացքին Հայաստանի կատարած յառաջընթացը՝ եօթը տարբեր երկիրներէ արդիական զէնքերու գնումներով։ Ինչպէս արտաքին քաղաքականութեան, այնպէս ալ պաշտպանական բնագաւառին մէջ տեսանելի էր Հայաստանի որդեգրած բազմազանութեան ռազմավարութիւնը։
Կեդրոնական տեղ կը գրաւէին հնդկական զինատեսակները։ Ֆրանսան ունէր իր ինքնորոյն տեղը, ինչպէս «ԱՊՐԻ Արմենիա»-ի աւագ խորհրդական Լէոնիտ Ներսիսեան կը բնութագրէ. «Ֆրանսական GM-200 ռատարները, Caesar ինքնագնաց հրանօթներն ու Bastion զրահամեքենաները ոչ միայն սպառազինութեան թարմացում են, այլեւ՝ պաշտպանական գործընկերութեան նոր ձեւաչափի արտացոլում։ Ֆրանսայի միջոցով Հայաստան հնարաւորութիւն կը ստանայ ունենալու ՕԹԱՆ-ի չափանիշերուն համապատասխանող համակարգեր, ժամանակակից սենսէօրներ ու հրետանային միջոցներ։ Ֆրանսան ՕԹԱՆ-ի անդամ միակ երկիրն է, որ Հայաստանին մահաբեր սպառազինութիւն կը տրամադրէ»։ Բոլորովին նորութիւն էր Իրանէն եւ Չինաստանէն գնուած սպառազինութիւնը։ Նոյնքան տպաւորիչ ու անակնկալ էին Հայաստանի ազգային արտադրութիւնները։
Սպառազինութեան աղբիւրներու բազմազանութիւնը ունի նաեւ իր մարտահրաւէրները։ Բաց շուկան կը ստեղծէ թէ՛ հնարաւորութիւններ եւ թէ՛ վտանգներ։ Տարբեր աղբիւրներէ գնուած զէնքերը ունին չափանիշերու համակարգային տարբերութիւններ, զորս պէտք է իրարու հետ աշխատցնել։ Այժմ հիմնական հարցը այն է, թէ որքանով Հայաստան կը յաջողի այս տարաբնոյթ տարրերը միաւորել մէկ գործուն համակարգի մէջ։ Լէոնիտ Ներսիսեանի համաձայն՝ «Ռատարը պէտք է կարենայ կիրարկելի տուեալներ փոխանցել հրամանատարական կէտերուն եւ ՀՕՊ (հակաօդային պաշտպանութեան) ստորաբաժանումներուն։ Անօդաչու թռչող սարքերէն ստացուած հետախուզական տեղեկատւութիւնը պէտք է անխափան կերպով արտացոլուի մարտական գործողութիւններու իրավիճակային ընդհանուր պատկերին վրայ։ Հրետանին պէտք է սերտօրէն կապուած ըլլայ հակամարտկոցային ռատարներուն, անօդաչուներուն, իրարու հետ կապուած պաշտպանեալ միջոցներուն եւ կրակի կառավարման թուային համակարգերուն հետ»։ Եւ ճիշդ այս պայմաններուն մէջ է, որ զինուորականներու ուսուցումն ու արհեստագիտութեան տիրապետումը հիմքը կը դառնան համակարգուած նոր բանակի կազմաւորման։
Ժ.Չ. ■
