Յունիս 29-էն 30 Լիոնի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան 4-րդ համաժողովը։ Յաջորդական այս հաւաքը կը կրէր «Ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութիւն․ աջակցութիւն տարածքներու կայուն զարգացման» խորագիրը և կազմակերպուած էր Լիոնի Մեթրոփոլին, Լիոնի քաղաքապետարանին, Հայաստանի համայնքներու միութեան (ՀՀՄ) եւ «Միացեալ ոստաններ Ֆրանսա» ընկերակցութեան (Cités unies France) կողմէ, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան, ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութեան, Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան և Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան համագործակցութեամբ։ Համաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի համայնքներու աւելի քան 250 ներկայացուցիչներ։
Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։ Ան նշեց, թէ ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը ֆրանքեւհայկական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու կարեւոր մէկ բաղադրիչն է եւ երկու երկիրներու համայնքներու, իրաւասու պետական մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ արդէն 4-րդ համաժողովի կայացումը կ՚ապացուցէ այդ իրողութիւնը։ Տիկ. Տոլմաջեան ընդգծեց նաեւ, որ համաժողովը շատ լաւ առիթ է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի համայնքներուն միջեւ ո՛չ միայն արդէն իսկ հաստատուած համագործակցութիւնները ամրապնդելու, այլ նաև նոր կապեր հաստատելու եւ հետագային զարգացնելու համար։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան, Լիոն մեթրոփոլի նախագահ Պրիւնօ Պեռնար, «Միացեալ ոստաններ Ֆրանսա» ընկերակցութեան «Հայաստան խումբ»-ի նախագահուհի Սոնիա Զտորովցոֆ, Հայաստանի համայնքներու միութեան նախագահ Էմին Երիցեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօ։
Երկօրեայ համաժողովին, մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան քննարկելու ապակեդրոնացուած համագործակցութեան շրջանակին մէջ երկու երկիրներու համայնքներու միջեւ հաստատուած կապերուն, համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։
Համաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի համայքներու ներկայացուցիչները մասնակցեցան նաեւ «Խելացի քաղաքներ», «Գիւղատնտեսութիւն» եւ «Զբօսաշրջութիւն» խորագրեալ աշխատաժողովներուն՝ փորձառութեան փոխանակման եւ միատեղ ծրագրերու մշակման նպատակով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։