Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունած է Ազերպայճանի կողմէ հայ 5 ռազմագերիներու ազատ արձակումը:
«Ողջունելի է Ազերպայճանի կողմէ հայ հինգ ձերբակալուածներու ազատ արձակման վերաբերեալ լուրը՝ Օգոստոս 31-ին Պրիւսէլի մէջ կայացած ղեկավարներու հանդիպումէն յետոյ: Կարեւոր մարդասիրական քայլ մըն է եւ յատկանշական է նաեւ, որ յանձնումը տեղի ունեցած է առանց միջնորդի»,– Թուիթըրի իր հաշիւին գրած է Քլաար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։