Վարչապետ Փաշինեան, Փութինէն ետք հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հետ:
Վարչապետը յայտնած է, որ Ազերպայճան կէս գիշերէն անմիջապէս ետք գրգռիչ եւ յարձակողական ռազմական գործողութիւններու դիմած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ՝ սահմանի տարբեր ուղղութիւններով: Փաշինան խոր մտահոգութիւն յայտնած է ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ եւ ընդգծած է միջազգային հանրութեան կողմէ արժանի արձագանգի կարեւորութիւնը:
Նախագահ Մաքրոն անթոյլատրելի համարած է լարումի հետագայ սաստկացումը եւ շեշտած՝ իրավիճակը մեղմելու անհրաժեշտութիւնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։