Ֆրանսահայ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին

Ֆրանսիս-կայքէջ

Ֆրանսահայ անուանի բուրագործ (parfumeur), «Dior»-ի բուրմունքներու բաժանմունքի ստեղծագործական տնօրէն եւ «Maison Francis Kurkdjian»-ի հիմնադիր Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին՝ Պատուոյ լեգէոնի ասպետի շքանշանին։

Քիւրքճեան այս պատիւը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտած իր մեծ ծնողներուն՝ ընդգծելով, որ անոնց քաջութիւնն ու արժէքները ամենախոր իմաստը կու տան այս պարգեւին։

«Այսօր խոհերս խոր յուզումով կ՚երթան դէպի մեծ հայրս ու մեծ մայրս, որոնք վերապրեցան Հայոց ցեղասպանութենէն եւ որպէս գաղթական ապաստանեցան Ֆրանսա։ Անոնց քաջութիւնը, իրենց նոր հայրենիքին հանդէպ հաւատքն ու ինծի փոխանցած արժէքները այս պարգեւին կու տան իր ամենախոր իմաստը»,– գրած է ան։