Աշխարհի 196 երկիրներ պիտի համախմբուին Երեւանի մէջ՝ COP17 համաժողովին
Պաշտօնական կայքէջը արդէն հասանելի է
Հայաստանի մէջ կայանալիք COP17 վեհաժողովի պաշտօնական կայքէջը արդէն հասանելի է հանրութեան։ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Յակոբեան յայտնած է, որ կայքէջին մէջ տեղ գտած են համաժողովին վերաբերող բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները՝ Կապոյտ (Blue Zone) եւ Կանաչ (Green Zone) գօտիներու, մասնակցութեան պայմաններու, օրակարգերու եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն շարունակաբար պիտի հարստանան նոր բովանդակութեամբ։
Նշենք, որ 2026 Հոկտեմբեր 19-էն 30, Հայաստան պիտի հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի «Կենսաբանական բազմազանութեան մասին» համաձայնագրի կողմերու 17-րդ համաժողովը (COP17)։ Երեւանի մէջ պիտի համախմբուին աշխարհի գրեթէ բոլոր՝ 196 երկիրներու կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, գիտական համայնքի եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Վեհաժողովը կը միաւորէ նաեւ Քարթախենայի եւ Նակոյայի արձանագրութիւններուն նուիրուած հանդիպումները։
Այս համաժողովը անկիւնադարձային նշանակութիւն պիտի ունենայ համաշխարհային բնապահական օրակարգին համար, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի գնահատուի Քունմինկ-Մոնրէալի կենսաբազմազանութեան համաշխարհային ծրագրի իրագործման ընթացքը։ Քննարկումներուն առանցքը պիտի կազմեն կենսաբազմազանութեան կորուստի կանխարգիլումը, բնական պաշարներու կայուն կառավարումը եւ բնապահական գանձատրման հարցերը։
Հայաստանի համար այս միջազգային բարձրագոյն հարթակին հիւրընկալումը պատմական իրադարձութիւն է։ Ան բացառիկ առիթ մըն է ցոյց տալու երկրին հարուստ կենսաբազմազանութիւնը եւ վերահաստատելու անոր յանձնառութիւնը՝ յանուն բնութեան պահպանութեան եւ ապագայ սերունդներու առողջ միջավայրի ապահովման։
Ի՞նչ է Քունմինկ-Մոնրէալի ծրագիրը
Ասիկա 2022-ին ընդունուած բնապահական պատմական համաձայնագիր մըն է, որուն գլխաւոր նպատակն է մինչեւ 2030 թուականը ամբողջութեամբ կասեցնել բնութեան եւ կենսաբազմազանութեան կորուստը։ Ծրագրին ամէնէն կարեւոր թիրախը երկրագունտի ցամաքային եւ ծովային տարածքներուն առնուազն 30 առ հարիւրին պահպանումն է մինչեւ 2030 թուական (այս հանգրուանը յայտնի է նաեւ որպէս «30×30» թիրախ)։ Ան կոչուած է Քունմինկ-Մոնրէալ, որովհետեւ համաժողովին նախագահած է Չինաստանը (Քունմինկ), բայց անիկա կայացած է Գանատայի մէջ (Մոնրէալ):
Աւելի յստակ ըլլալու համար նշենք, որ սկզբնական ծրագրով, ՄԱԿ-ի այդ բնապահական վեհաժողովը (COP15) պէտք է ամբողջութեամբ կայանար Չինաստանի Քունմինկ քաղաքին մէջ։ Սակայն, պսակաձեւ ժահրի (COVID-19) համաճարակին պատճառով յառաջացած դժուարութիւններուն հետեւանքով, վեհաժողովը բաժնուեցաւ երկու փուլի։ Առաջին՝ առցանց եւ մասնակի փուլը կայացաւ Քունմինկի մէջ, իսկ երկրորդ՝ աւարտական եւ վճռորոշ փուլը (ուր եւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիրը) տեղափոխուեցաւ Գանատայի Մոնրէալ քաղաքը եւ այդպէս ալ կոչուեցաւ Քունմինկ-Մոնրէալի ծրագիր։
