Search
Close this search box.

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Փելոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները

 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները։

«Փելոզիի անհիմն եւ անարդար մեղադրանքները Ազերպայճանի հասցէին անընդունելի են, անոնք լուրջ հարուած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն։ Նման միակողմանի քայլերն ու անհիմն յայտարարութիւնները կը ծառայեն ո՛չ թէ տարածաշրջանի փխրուն խաղաղութեան ամրապնդման, այլ, ընդհակառակն, անոր սրումին»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։