«Դժբախտաբար, երէկ Երուսաղէմի պատրիարքէն սպառնալիք ստացայ՝ նամակ մը, որով ինծի կը սպառնան եւ գիտակցութեան կը հրաւիրեն, որ յետքայլ ընեմ»։

Այս մասին Հանրային հեռատեսիլի Յունուար 7-ի հաղորդման՝ տեսակապի միջոցաւ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վրդ. Ալճանեան։

Ան նշած է, որ Պատրիարքը զգուշացուցած է, թէ եթէ մինչեւ իրիկուն յետքայլ չընէ, իրենք որոշում պիտի կայացնեն։

«Կա՛մ զիս պիտի արտաքսեն միաբանութենէն եւ կա՛մ կարգալոյծ պիտի հռչակեն։ Թող ընեն։ Ես կը միանամ Սրբազան եղբայրներու եւ վարչապետի այս բարեկարգման ու բարենորոգման շարժումին, որ անյետաձգելի պահանջք է, այսօր հրամայական պահանջք է։ Ես զիրենք զգաստութեան կը հրաւիրեմ»,– յայտարարած է Գուսան ծ. վրդ.։