Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախագահ Մաքրոն կոչ ըրած է Ալիեւին՝ յարգելու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը

Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Սեպտեմբեր 27-ին կոչ ըրած է Ալիեւին յարգելու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Ազերպայճանի իր պաշտօնակցին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին՝ Ֆրանսայի նախագահը կրկին կոչ ըրած է յարգելու հրադադարը եւ ազերպայճանական ուժերը ետ քաշելու իրենց սկզբնական դիրքերը։

Մաքրոն Ալիեւին նաեւ ըսած է, որ Սեպտեմբեր 26-ին Էլիզէի պալատին մէջ ընդունած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, եւ ան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները առկախ բոլոր հարցերու շուրջ, եւ Ֆրանսա ալ պատրաստ է  նպաստելու այդ բանակցութիւններուն: 

Երկուշաբթի օր, վարչապետ Փաշինեանի ընդունելութեան առթիւ՝  նախագահ Մաքրոն կոչ ըրած էր Հայաստանին ու Ազերպայճանին անյապաղ բանակցութիւններ սկսելու՝ յանգելու համար մնայուն խաղաղութեան։