9-րդ գումարման Ազգային ժողովին ընդառաջ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը Կիրակի օր հրաժարական պիտի տայ

Փաշ-հրաժարական

Հայաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այս Կի­­րակի հրա­­ժարա­­կան պի­­տի տայ։ Գոր­­ծա­­­դիր մար­­մի­­­նի Յու­­լիս 30-ի նիս­­տին այս մա­­սին յայ­­տա­­­րարած է վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան։

“Ասի­­կա մեր կա­­ռավա­­րու­­թեան վեր­­ջին նիստն է։ 9-րդ գու­­մարման Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի կազ­­մա­­­ւոր­­ման առի­­թով, Հա­­յաս­­տա­­­նի Սահ­­մա­­­նադ­­րութեամբ նա­­խատե­­սուած կար­­գին հա­­մաձայն, մենք Կի­­րակի օրը հրա­­ժարա­­կան պի­­տի տանք, որ­­մէ ետք Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հը վար­­չա­­­պետ պի­­տի նշա­­նակէ խորհրդա­­րանա­­կան մե­­ծամաս­­նութեան ներ­­կա­­­յացու­­ցած թեկ­­նա­­­ծուն։ Հե­­տեւա­­բար, այս կազ­­մով մենք կը հան­­դի­­­պինք վեր­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով”,– նշած է Փա­­շինեան։

Նիս­­տի աւար­­տին, վար­­չա­­­պետը նաեւ իր շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնը յայտնած է կա­­ռավա­­րու­­թեան ան­­դամնե­­րուն՝ անցնող ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին կա­­տարուած միացեալ աշ­­խա­­­տան­­քին հա­մար։ 

Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը չէ հրա­ւիրուած Ազ­գա­յին ժո­ղովի անդրա­նիկ նիս­տին

Թէեւ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսին մաս­նակցու­թիւնը Ազ­գա­յին ժո­ղովի անդրա­նիկ նիս­տին նա­խատե­սուած է «Ազ­գա­յին ժո­ղովի կա­նոնա­կարգ» սահ­մա­նադ­րա­կան օրէն­քով, սա­կայն այս պա­հուն տա­կաւին հրա­ւէր չկայ։ Այս մա­սին յայտնած է Մայր Աթո­ռի տե­ղեկա­տուա­կան հա­մակար­գի տնօ­րէն Եսա­յի քա­հանայ Ար­թէ­նեանը։

Տէր Եսա­յին ան­պա­տաս­խան ձգած է այն հար­ցումը, թէ ար­դեօք ան­ցեալին՝ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը խորհրդա­րանի անդրա­նիկ նիս­տին չհրա­ւիրե­լու նման նա­խադէպ եղա՞ծ է։ «Եթէ յա­ւելեալ տե­ղեկու­թիւն ըլ­լայ, կը ծա­նու­ցենք»,– ըսած է ան։

Յի­շեց­նենք, որ 9-րդ գու­մարման Ազ­գա­յին ժո­ղովի անդրա­նիկ նիս­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Օգոս­տոս 2, ժա­մը 10-ին։ ■