Բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, Թրամփ պատրաստ է օգնելու, իսկ վարչակարգը կը սպառնայ
Շաբաթ, Յունուար 10-ի երեկոյեան Թեհրանի եւ Իրանի քանի մը այլ քաղաքներու մէջ (Մաշհատ, Թաւրիզ, Ղոմ) հակակառավարական ցոյցերը շարունակուած են։ Ցուցարարները կը վանկարկեն «Մահ Խամենէիին» եւ կը պարզեն Շահի ժամանակաշրջանի դրօշները։
ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ «Իրանը ազատութեան կը ձգտի» եւ Միացեալ Նահանգները «պատրաստ են օգնելու»։ Ան զգուշացուցած է Թեհրանը՝ յայտարարելով. «Աւելի լաւ է չսկսիք կրակել, որովհետեւ մենք ալ պիտի սկսինք կրակել»:
Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին հակազդելով Թրամփի այս յայտարարութիւններուն՝ կոչ ուղղած է անոր, զբաղելու ԱՄՆ-ու ներքին խնդիրներով: Ան ցուցարարները որակած է «օտարերկրեայ վարձկաններ» եւ զգուշացուցած է, որ Իրանը պիտի չհանդուրժէ զանոնք:
Ըստ Wall Street Journal-ի, Ուաշինկթընի մէջ կը քննարկուին նոյնիսկ Իրանի ռազմական կառոյցները հարուածելու տարբերակներ, թէեւ վերջնական որոշում դեռ չկայ։
Իսկ Իրանի իշխանութիւնները խոստացած են խստիւ հակազդել փողոց իջնողներուն։ Յեղափոխութեան պահապան գունդը ցուցարարները որակած է «ահաբեկիչներ»՝ զգուշացնելով, որ վարչակարգին պահպանումը «կարմիր գիծ» է։ Իրանի բանակն ալ խոստացած է պաշտպանել ազգային շահը եւ պետական կառոյցները՝ քաղաքացիներուն կոչ ընելով զգօն ըլլալու եւ խափանելու «թշնամիին դաւադրութիւնները»:
Միւս կողմէ, Շահին որդին՝ Ռեզա Փահլաւի, կոչ ուղղած է ժողովուրդին գրաւելու քաղաքներու կեդրոնները եւ սկսելու համազգային գործադուլ՝ յատկապէս փոխադրութեան եւ ուժանիւթի (նաւթ/կազ) ոլորտներուն մէջ։
Զոհեր եւ մեկուսացում
Երկրին մէջ համացանցը գրեթէ ամբողջութեամբ խզուած է արդէն 48 ժամէ ի վեր, ինչ որ կը դժուարացնէ տեղեկութիւններու ստուգումը։ Ըստ իրաւապաշտպաններու, Դեկտեմբեր 28-էն ի վեր սպանուած է առնուազն 51 ցուցարար (որոնցմէ 9-ը՝ երեխաներ), իսկ հիւանդանոցները ծանրաբեռնուած են վիրաւորներով, որոնք ստացած են հրազէնային վնասուածքներ՝ գլխու եւ պարանոցի հատուածներուն վրայ։
