“Ազերպայճանական բանակի կարողութիւններու ընդլայնումը Պաքուի հետ մեր գործընկերութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է”, – APA գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հարաւային Կովկասի մէջ Դաշինքի գրասենեակի ղեկավար Ալեքսանտր Վիննիքով։
Ըստ անոր՝ Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքի նպատակներէն մէկն ալ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն եւ Ազերպայճանի զինուած ուժերուն «համատեղելիութեան ամրապնդումն է»։
“Ազերպայճանը ՕԹԱՆ-ի հաւատարիմ գործընկերն է։ Պաքուն անդամ պետութիւններէն շատերուն հետ կը համագործակցի տարբեր ասպարէզներու՝ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան բարեփոխումներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ առցանց անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ”,– նշած է Վիննիքով։
