Ամիսներ ետք, նոյնիսկ օրացուցային հաշուով՝ տարի մը ետք, կը թուի, թէ Թրամփ դեռ չէ մարսած Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին իրեն չշնորհուիլը։
Արդարեւ, ԱՄՆ-ու նախագահը գրած է.
«Առանց իմ միջամտութեան՝ Ռուսաստան այսօր տիրացած կ՚ըլլար բովանդակ Ուքրաինային։ Առանձինս վերջ դրի 8 պատերազմի, իսկ Նորվեկիան որոշեց ինծի չպարգեւել Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը։ Բայց այդ կարեւոր չէ։ Կարեւորն այն է, որ ես փրկեցի միլիոնաւոր կեանքեր»։
Այս տողերը կարդալով՝ մարդ ակամայ կը հարցադրուի, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս միլիոնաւոր կեանք փրկած է։ «Բայց այդ [ալ] կարեւոր չէ»։
