Հալէպի հիւսիսային թաղամասերը վերահսկող քրտական կառոյցները մերժած են Դամասկոսի տարհանման առաջարկը։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։
Քիւրտերու բնակած Աշրաֆիյէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերը ղեկավարող տեղական խորհուրդները մերժած են կառավարական ուժերուն հետ զինադադարի հաստատումէն ետք այս շրջաններէն հեռանալու առաջարկը։
«Տարհանման տարբերակը իրականութեան մէջ անձնատուր ըլլալու առաջարկ է, որ մեզի համար անընդունելի է։ Մենք պիտի շարունակենք մնալ Հալէպի քրտական թաղամասերուն մէջ՝ պաշտպանելով զանոնք»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
