«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի 2017-ի դափնեկիր Թոմ Քաթինա տեսաուղերձ մը հրապարակած է՝ կոչ ընելով միջազգային հանրութեան քայլերու ձեռնարկելու Ռուբէն Վարդանեանը եւ բոլոր հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը ձեռք ձգելու ուղղութեամբ:
“Բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Ռուբէն Վարդանեանը, գիտեն, որ անոր դէմ յարուցուած մեղադրանքները բացարձակապէս կեղծ են եւ ծիծաղելի”,– ըսած է հանրածանօթ բժիշկն ու մարդասէրը, որ ներկայիս Սուտանի հարաւային շրջանի Նուպա լեռներուն վրայ տեղակայուած «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի տնօրէնն է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։