Ո՞վ պիտի ըլլայ երաշխաւորը

Երեք տա­րի տեւած բա­նակ­ցու­թիւն­ներէ ետք, որոնց ըն­թացքին խա­ղաղու­թեան դա­շին­քի սե­ւագի­րը տաս­ներկու ան­գամ Երե­ւան-Պա­քու եր­թուդարձ կա­տարեց, հա­յաս­տա­նեան կող­մը հա­մաձայ­նած է Պա­քուի վեր­ջին տար­բե­րակը ըն­դունե­լու։ Թէ ին­չո՞ւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը ըն­դունած է Պա­քուի վեր­ջին եր­կու պա­հանջնե­րը, տա­կաւին հա­մաձայ­նութեան գրա­ւոր օրի­նակը չէ հրա­պարա­կուած։ Ո՞ր գեր­պե­տու­թեան պար­տադրան­քով կամ թե­լադ­րանքով, կամ ռազ­մա­վարա­կան ու անվտան­գա­յին ի՞նչ հա­շուարկնե­րէ մեկ­նած կա­ռավա­րու­թիւնը նման որո­շում կա­յացու­ցած է, յստակ չէ։

Մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րը կարգ մը են­թադրու­թիւններու կը մղեն։ Ուքրաինայի հան­դէպ Թրամ­փի վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան բե­րու­մով՝ Արեւմտեան ճա­կատի միաս­նութիւնն ու հզօ­րու­թիւնը կոտ­րե­ցաւ։ Բնա­կանա­բար Ռու­սաստա­նի դիր­քե­րը ամ­րա­ցան. նոյնպէս՝ Թուրքիոյ դիր­քե­րը։ Ուքրաինա­յին նե­ցուկ կանգ­նե­լու հա­մար Եւ­րո­պան պէտք ու­նի Թուրքիոյ։ Վեր­ջին շրջա­նին Ռու­սաստան եւ Թուրքիա զօ­րաւոր դաշ­նա­կից­ներն են Ազեր­պայճա­նի։ Վեր­ջինս կը վա­յելէ նաեւ նե­ցու­կը Իս­րա­յէլի։ Եւ­րո­պայի տկա­րացու­մը եւ Ռու­սաստան-Թուրքիա-Ազեր­պայճան երրեակին հզօ­րացու­մը Հա­յաս­տա­նի հա­մար ապա­գային անվտան­գա­յին լուրջ մար­տահրա­ւէր­ներ ստեղ­ծող նա­խադ­րեալ է։

Այս իրա­վիճա­կէն մեկ­նած, հասկնա­լի կը դառ­նայ նաեւ Փա­շինեանի՝ Մա­յիս 9-ին Երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի տօ­նակա­տարու­թեան առթիւ Փու­թի­նի ուղղած հրա­ւէրին ըն­դա­ռաջու­մը։

Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան Խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նա­գիրը կը մնայ բա­նաւոր, Պա­քու տա­կաւին տրա­մադիր չէ գրա­ւոր ստո­րագ­րութեան պա­հը եւ վայ­րը ճշդե­լու։ Մին­չեւ որ ստո­րագ­րուի՝ են­թա­կայ չէ հրա­պարա­կու­մի։ Իսկ ստո­րագ­րութեան վայ­րը էական նշա­նակու­թիւն ու­նի, ան պի­տի յատ­կանշէ գեր­տէ­րու­թեան մը կնքա­հայ­րութիւ­նը։ Մի­ջազ­գա­յին ան­կա­յուն պայ­մաննե­րու մէջ, Մա­յիս 9-ի տօ­նակա­տարու­թեան առ­թիւ Մոս­կուայի մէջ անոր ստո­րագ­րուիլը հա­ւանա­կան է։ Եւ­րո­պան Ազե­րինե­րուն հա­մար անըն­դունե­լի է, ինչպէս որ Թուրքիան՝ Հա­յաս­տա­նի հա­մար. իսկ Իրա­նը խնդրա­յարոյց է։ Ան­դին կը մնայ Ռու­սաստա­նը, իբր եր­կու եր­կիրնե­րու հետ ան­ցեալէն սերտ յա­րաբե­րու­թիւններ ու­նե­ցող գեր­պե­տու­թիւն։ Ուքրաինայի պա­տերազ­մին Ռու­սաստա­նի ի նպաստ աւար­տե­լու պա­րագա­յին, վեր­ջի­նիս ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի հզօ­րանայ Կով­կա­սի մէջ, ինչ որ Հա­յաս­տա­նի հա­մար տնտե­սական ու քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ լուրջ անվտան­գա­յին պայ­մաններ ստեղ­ծե­լու սպառնալիքնե­րով լե­ցուն է։ Վրաս­տա­նի նման, Հա­յաս­տան եւս Ռու­սաստա­նի մի­ջազ­գա­յին դաշտ վե­րադառ­նա­լու հե­տեւանքնե­րը լրջօ­րէն քննար­կե­լու ստի­պուած է։

Գլխա­ւորա­բար միայն Արեւ­մուտքն էր որ Ալիեւէն եւ Թուրքիայէն կը պա­հան­ջէր Հա­յաս­տա­նի հետ դա­շինք կնքել։ Եւ­րո­պայի տկա­րացու­մով, Ռու­սաստա­նի եւ Թուրքիոյ նե­ցու­կն ալ վայելելով՝ յաղ­թա­նակած Ազեր­պայճա­ն բնա­կանա­բար աւե­լի ամ­բարտա­ւան կը դառնայ։ Ալիեւ կը շա­րու­նա­կէ պնդել Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը փո­խելու պա­հան­ջին վրայ, կը շա­րու­նա­կէ ռազ­մա­գերի­ները դա­տել, գրա­ւեալ տա­րածքնե­րէ հե­ռանա­լու քայլ չառ­նել, կը զլա­նայ սահ­մա­նազա­տու­մը կա­տարել … Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մին հա­մար պա­տաս­խա­նատ­ւութեան չեն­թարկուիլ։

Կա­րելի է նաեւ հարց տալ, թէ նոյ­նիսկ եթէ Ալիեւ ստո­րագ­րէ հա­մաձայ­նա­գիրը, այ­սօր ի՛նչ ար­ժէք ու­նին դա­շինքներն ու պայ­մա­նագրե­րը, երբ աշ­խարհ կ՚ապ­րի գրա­ւոր ստո­րագ­րուած դա­շինքնե­րու, մի­ջազ­գա­յին դա­տավ­ճիռնե­րու ժխտու­մի, մի­ջազ­գա­յին օրէնքնե­րու ոտ­նա­կոխման շրջա­ն մը, այն ալ ԱՄՆ-էն սկսեալ։ Այս պայ­մաննե­րուն մէջ, Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան դեռ չստո­րագ­րուած դա­շին­քի մը շուրջ հա­մաձայ­նութիւ­նը ի՞նչ ար­ժէք ու­նի։ Ար­ժէք չու­նի, բայց առե­րես քայլ մըն է բա­նակ­ցութիւննե­րու թե­լը չկտրե­լու։ Որով­հե­տեւ բա­նակ­ցութեան բա­ցակա­յու­թիւնը կը բարձրաց­նէ պա­տերազ­մի վտան­գը։ Իսկ, Հա­յաստան պէտք ու­նի ժա­մանա­կի՝ սպա­ռազի­նուե­լու, սահ­մա­նի դիր­քե­րը զօ­րաց­նե­լու, բա­նակը վե­րակազ­մա­ւորե­լու…

Անխտիր բո­լոր մեծ պե­տու­թիւննե­րը եւ տա­րածաշրջա­նի դրա­ցինե­րը եւ Կով­կա­սով շա­հագրգռուած եր­կիրնե­րը շնոր­հա­ւորե­ցին Խա­ղաղու­թեան դաշ­նագրին շուրջ ձեռք ձգուած հա­մաձայ­նութիւ­նը։ Ինչպէս միշտ, միայն հա­յաս­տա­նեան ներ­քին ընդդի­մադիր ճա­կատը եւ կարգ մը վեր­լուծա­բան­ներ կը դա­տափե­տեն։ Իսկ եթէ իրենք իշխանութեան գլուխ գտնուէին՝ այլ ելք պիտի ունենայի՞ն։

Ժ.Չ. ■