Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը (Ֆ.Կ.Խ.) կորսնցուց իր ամէնէն հաւատաւոր եւ ամէնէն համեստ «աշխատողներէն» մէկը յանձին Մատլէն Փուշուճեան-Փափազեանին։
Գամիշլիէն Հալէպ եւ վերջապէս Փարիզի մօտիկ արուարձաններէն Սըվրան հաստատուած էր, ուր հայութիւնը 60-ական 70-ական թուականներուն հաւանաբար մի քանի տասնեակ ընտանիք կը հաշուէր։
Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի գիշերօթիկ աշակերտներէն էր Մատլէնը։ Երբ տակաւին ճեմարանի աշակերտութեան թիւը մի քանի հարիւրով կարելի էր հաշուել, ամէնքս զիրար որոշ չափով կը ճանչնայինք։
Մի քանի դասարան տարբերութեամբ՝ հոն Մատլէնը ճանչցած էի։ Յետոյ Սահակեան վարժարան՝ ինք մանկապարտէզի ուսուցչուհի եւ ես նախակրթարանի վերին կարգերու։
60-ական թուականներու քաղաքական սեղմումները, 67-ի պատերազմը, հայաթափման ալիքը սկսած էին արդէն, երբ պատահմամբ իրարու հանդիպեցանք Փարիզի արուարձաններէն մէկուն Ֆ.Կ.Խ.-ի երեկոյթի մը։
Մեր խօսակցութեան առաջին նիւթը Ֆ.Կ.Խ.-ի Սըվրանի հայկական միօրեայ դպրոցի հայերէնի ուսուցչի կարիքի մասին էր։ Մատլէն գիտէր մեր՝ ճեմարանականներուս զգայուն լարը շարժել։ Եւ յաջողեցաւ…
Իր անոյշ խօսքերով, Փարիզի արեւելեան արուարձաններուն հայութիւնը ի մի բերելու նպատակով կազմակերպած համեստ հացկերոյթներով, հազիւ 20-30 աշակերտ հաշուող դպրոցին ծնողները Ֆ.Կ.Խ.-ին անդամագրելով, դպրոցին գործնական կեանքը բարելաւելու մնայուն ճիգերով, Մատլէն օրն ի բուն կ՚աշխատէր։
Հակառակ այս բոլորին, Ֆ.Կ.Խ.-ն իրեն պատկանող վայր մը չունէր։ Հայերը իրարու քով բերելով, Ֆ.Կ.Խ.-ի ժողովներուն (որոնք մինչ այդ իր տան մէջ տեղի կ՚ունենային) իր համոզիչ խօսքերով եւ իրեն նման սքանչելի հաւատաւորներու օգնութեամբ յաջողեցաւ արդէն գոյութիւն ունեցող հրիտակէ մը օգտուիլ, յատուկ հանգանակութիւններ կազմակերպել, եւ առատաձեռն հայերու մասնակցութեամբ՝ փոքրիկ, կիսաւեր տուն մը վերածուեցաւ «Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչ»-ի «դպրոց»-ի եւ «տան», որ վերջը դարձաւ նաեւ «Մշակոյթի տուն» եւ բացումը կատարուեցաւ Արփիկ Միսաքեանի ներկայութեամբ։
Արփիկ Միսաքեանի ներկայութիւնը զարմանալի չէր, որովհետեւ 1990-ական թուականներուն Ֆ.Կ.Խ.-ն իր մասնաճիւղերը փոխանակ իրենց քաղաքներուն անունով կոչելու, զանոնք մկրտեց հիմնադիր եւ վաստակաւոր ընկերուհիներուն անուններով. այսպէս Սըվրան-Լիվրի Կարկանի մասնաճիւղը կոչուեցաւ «Տիրուհի Միսաքեան»։
Մեր համեստ Մատլէնը շարունակեց իր մասնաճիւղի ատենապետութիւնը վարել միաժամանակ աջակցելով շրջանի այն բոլոր կարիքներուն երբ նոյնիսկ իրմէ չէր պահանջուեր։
Մօտիկ արուարձանի ծանօթ «Դպրոցասէր» վարժարանը կարիքներ ունէր՝ դպրոցին կարգ մը բաժինները վարագոյրի կը կարօտէին. Մատլէն «միշտ պատրաստ» սկաուտի մը հաւատարմութեամբ վարագոյրները կը գնէր, կը պատրաստէր եւ կը նուիրէր…
Ֆ.Կ.Խ.-ն Լիբանանի պատերազմէն ցնցուած երեխաներ բերել տուաւ Պէլֆոնթէնի կայանը։ Կեցութեան վերջաւորութեան խաչուհիներ զանոնք իրենց տուները ընդունեցին շաբաթներով. Մատլէնին առաջարկելու հարկը չներկայացաւ…
Նոյնն էր պարագան Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժէն ետք եւ կամ պատանիներու փոխանակման Հ.Օ.Մ-ի ծրագրերուն առիթով՝ Մատլէն միշտ առաջին ներկայացողն էր։
Ան նաեւ սիրուած էր իր քաղաքի ֆրանսացիներէն. Սըվրան-Լիվրի Կարկանի քաղաքապետերը, երեսփոխանները այս համեստ մասնաճիւղին մնայուն եւ յարգելի հիւրերը կ՚ըլլան։ Սըվրան-Լիվրի Կարկանի քաղաքապետը զինք պատուած էր «Արժանաւորութեան» մետալով, անկախ Ֆ.Կ.Խ.-ի «վաստակաւոր խաչուհի» մետալէն։
Վերջին անգամ երբ զինք տեսայ իր տան մէջ, շատ հիւանդ էր, դժուար կը շնչէր. սակայն մեր առօրեայէն հեռացած՝ կրկին խօսեցանք հայերէնի դասաւանդութեանց թշուառ վիճակին մասին։ Գաղութի պատասխանատուներուն հայերէն լեզուի ուսուցման հանդէպ ցուցաբերած անտարբերութեան մասին… ինչ որ մեզ շատ հեռուները տարաւ…։
Գիտակից, հայրենասէր, հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ սէր եւ ակնածանք ունեցողներու շարքը քիչ մը եւս որբացաւ քու մեկնումովդ։
Հողդ թեթեւ սիրելի՛ Մատլէն։
ԷԼԷՆ ՄԵՐՃԱՆԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։