Հայաստան 2024 թուականին սփիւռքի գործերու յանձնակատարներ նշանակած է 13 երկրի մէջ:
Այս մասին զեկուցած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Ազգային ժողովի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարզանքի հարցերու յանձնաժողովի նիստին՝ կառավարութեան ծրագրի՝ 2024-ին կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցի ներկայացման:
“Հաշուետու տարուան ընթացքին 13 երկրի մէջ՝ Աւստրիոյ, ԱՄՆ-ու, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Նետերլանտներու, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Սլովաքիոյ, Ֆինլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ նշանակուած են 16 սփիւռքի գործերու յանձնակատարներ”,– ըսած է Սինանեան:
Ըստ անոր՝ այս համակարգի ներդրման նպատակն է զարգացնել Հայաստան–սփիւռք գործակցութիւնը, բարձրացնել այդ բնագաւառին մէջ իրականացուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը, ապահովել հայ համայնքներու միջեւ կայուն յարաբերութիւնները եւ համայնքի ներուժի նպատակային ներգրաւումը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ հայու ինքնութեան պահպանման, հայրենադարձութեան ու Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու համարկման ուղղուած միջոցներու կազմակերպման:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։