Ալիեւ. «Հայաստանի նկատմամբ մեր վստահութեան մակարդակը զերոյի մօտ է»

Մարտ 13-ին, Պաքուի մէջ ընթացող «Global Baku forum»-ին ելոյթ ունենալով Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ի միջի այլոց յայտարարած է. “Հայաստանի նկատմամբ մեր վստահութեան մակարդակը մօտ է զերոյի”, շեշտելով՝ Պաքուին փաստաթուղթեր պէտք են։ “Անոնք այն մարդիկը չեն, որոնց կրնանք վստահիլ, ներառեալ՝ այսօրուան կառավարութեան: Ինչ որ անոնք մեզի կ՚ըսեն, մեզի համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի։ Մեզի փաստաթուղթեր պէտք են, թուղթեր պէտք են։ Մեզի հարկաւոր է, որ անոնց Սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներ չմնան Ազերպայճանի նկատմամբ, իսկ այդ պահանջները տակաւին կան”,– ըսած է Ալիեւ։ Ան կրկին անդրադարձած է Մինսքի խումբը լուծելու հարցին։ “Սա մեր ուղերձն է Հայաստանին եւ մենք կը յայտարարենք՝ Մինսքի խումբը պահպանելու ո՛չ մէկ տրամաբանութիւն կայ։ Ան ստեղծուած է Ղարաբաղի հարցը լուծելու համար։ Այսօր այդ հարցը լուծուած է։ Հայաստան կը ճանչնայ Ղարաբաղը որպէս Ազերպայճանի մաս. ինչո՞ւ չէք միանար մեզի ու Մինսքի խումբը լուծելու միատեղ յայտարարութիւն չէք ներկայացներ։ Չեն ուզեր”, – յայտնած է Ազերպայճանի բռնապետը։

***

Որքա՜ն բարեկամական, սիրալիր ու ջերմ խօսքեր… այնպէս չէ՞… մէկու մը կողմէ որ կը պատրաստուի «խաղաղութեան համաձայնագիր» ստորագրելու։ Բայց իսկապէս այդպէ՞ս է, իսկապէս տրամադի՞ր է այդ քայլին։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ…։