Բանաստեղծ, Ֆրանսական դիմադրական շարժումի մարտիկ, Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի ամբողջական կերպարը կարելի պիտի ըլլար բացայայտել Մարտ 14–18, Երեւանի եւ Արտաշատի մէջ կազմակերպուած «Մանուշեանական շաբաթ» ծրագրով՝ ցուցահանդէսներու, գիրքերու շնորհահանդէսներու, թատերական ներկայացումներու, գիտաժողովներու, ֆիլմերու ցուցադրութեան եւ այլ հանդիսութիւններու ընդմէջէն, որոնք տեղի կ՚ունենային «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, Հայաստանի՝ ֆրանսական համալսարանին եւ Մատենադարանին մէջ։
Մարտ 14-ին, «Եղիշէ Չարենց» թարգարանին մէջ այս առիթով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին մասնակցած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան, Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, «Եղիշէ Չարենց գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սիւզան Խոջամիրեան, «Մանուշեանական շաբաթ» ծրագրի հեղինակ Սաթէ Խաչատրեան, Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան բաժինի ղեկավար Գօշ Սարգսեան։
Ներկայ եղած են Մանուշեանի դամբարանացման յանձնախումբի նախագահ Ժան-Փիեռ Սաքուն, Մելինէ Մանուշեանի քրոջ թոռնուհին, վաւերագրող Քաթիա Կիրակոսեան, ինչպէս նաեւ Միսաք Մանուշեանի զարմիկներու դուստրերը՝ Լուիզա եւ Յասմիկ Մանուշեան։
Դանիէլ Դանիէլեան կարդացած է հատուածներ Միսաք Մանուշեանի նամակներէն՝ նշելով, թէ Նախարարութիւնը այս տարին յայտարարած է մշակութային կրթութեան տարի, որուն ծիրէն ներս «Մանուշեանական շաբաթ»-ի կազմակերպման առիթը բացառիկ է:
“Սա հիանալի առիթ է խորհրդածելու Միսաք Մանուշեանի կեանքին, ժառանգութեան եւ հերոսական կերպարին մասին: Երիտասարդները, բացայայտելով անոր գաղափարները, կրնան նաեւ բացայայտել Մանուշեանը որպէս բանաստեղծ, քաղաքացի եւ սիրող ամուսին: Ծրագրի մեկնարկը «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին մէջ խորհրդանշական է: Մէկ այլ մեծ հայ, որ մեծ ժառանգութիւն ձգած է իր գաղափարներով եւ հայրենասիրական մօտեցումներով”,– հաստատած է փոխնախարարը:
Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի համաձայն՝ այս շաբաթը առիթ է բացայայտելու Մանուշեանի յարակարծական կերպարը վաւերագրական ֆիլմերու, ստեղծագործական ու թատերական ներկայացումներու եւ պատմական փաստերու բացայայտման միջոցով:
“Այսօր, մենք միացած ենք Մանուշեան հերոսի՝ ֆրանսահայու մը պատկերով, որ երբեք ո՛չ ֆրանսական եւ ո՛չ ալ հայկական քաղաքացիութիւն ունեցած է։ Ան այսպէսով կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան։ Ինչպէս Արակոն կ՚ըսէր, ընտրութեամբ՝ ֆրանսացի, ան իր կեանքը նուիրած է Ֆրանսայի ազատագրութեան համար։ Միաժամանակ, հայ՝ հոգիով եւ սիրտով, ան միշտ պահած է հայկական բոցը։ Այս շաբթուան ընթացքին, մենք պիտի բացայայտենք Մանուշեանի բազմաշերտ պատկերը տարբեր անկիւններէ”,– յայտարարած է դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ Մանուշեանի յիշատակը պատուելնուն, հայ եւ ֆրանսացի գործընկերներուն՝ Մանուշեանի շաբաթը իրականութիւն դարձնելնուն, եւ Ժան-Փիեռ Սաքունին՝ Մանուշեանի եւ անոր կնոջ մասունքները Փարիզի Պանթէոնին մէջ վերայուղարկաւորելու ջանքերուն համար։
“Մանուշեանի հոգին անմահ է ձեր բոլորին ներկայութեամբ”,– եզրափակած է դեսպանը։
Նշենք, թէ «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին մէջ նոյն օրը բացումը կատարուած է «Միսաք Մանուշեան. ականատեսի աչքերով» խորագրեալ առժամեայ ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են Քաթիա Կիրակոսեանի անձնական արխիւներէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն բերուած բացառիկ վաւերագրական նիւթեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։