Մարտ 10-ին, ՀՄԸՄ-ի գայլիկ-արծուիկները այցելած են «Գարի Դաւթեան» տիկնիկային մշակոյթի տունը, որ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր կը գործէ Թիֆլիսի մէջ։
Տիկնիկագործ, տիկնիկային ներկայացումներու բեմադիր` Ժաննա Դաւթեան ներկայացուցած է Տան պատմութիւնը, խօսած է տիկնիկներու մասին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ստեղծման իւրայատուկ պատմութիւնն ու ճակատագիրը։
Ան նաեւ ցուցադրած է տիկնիկային կարճ ներկայացում մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։