Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ մասնակցած են Վատիկանի ծանօթացման ծրագրին

Ընդառաջելով Վատիկանի հրաւէրին, Յունուար 31-էն Փետրուար 8, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Վատիկանի ծանօթացման 5-րդ տարուան ծրագրին մասնակցած են երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ Թռչնոց Բոյնի տեսուչ` Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան, Օրէնճ Գաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ Պետուրեան (ԱՄՆ-ու Հայոց Արեւմտեան թեմ) եւ Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ստեփան քհնյ Պալճեան (ԱՄՆ-ու Հայոց Արեւելեան թեմ)։ Այս ծրագրին մասնակցած են նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութենէն եւ արեւելեան ուղղափառ իւրաքանչիւր եկեղեցիէ երեք ներկայացուցիչ հոգեւորականներ։

Երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր ծանօթանալ Վատիկանի հովանիին տակ գործող բաժանմունքներուն, համալսարաններուն, թանգարաններուն, մատենադարաններուն ու վանքերուն, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստացած են տուեալ կառոյցին պատասխանատուներուն կողմէ։ Ծրագրին մէջ յատկանշական էր Փրանկիսկոս պապին հետ կայացած հանդիպումը։ Այս առիթով Պապը իր արտասանած խօսքին մէջ յատկապէս շեշտած է եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ իրարու միջեւ փոխհասկացողութեան, փոխյարաբերութեան ու գործակցութեան հրամայականը։

Ծրագրի աւարտին, մասնակից հոգեւորականներուն տրուած է յատուկ վկայագիր մը։