Հարցազրոյց՝ պատմաբան Արա Սանճեանի հետ
«Մենք չենք ունեցած վերջին տասնամեակներուն ոեւէ քաղաքական գործիչ, որ ներկայ վարչապետին չափ պատմութեան յղումներ ընէ եւ վերջին տասնամեակներուն տարածում գտած պատմագիտական տեսակէտներուն հակադրուի…»
Պատմաբան Արա Սանճեան այժմ տնօրէնն է Միշիկընի համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին։ Ունի բազմաթիւ գիտական յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ պատմութեան եւ ժամանակակից հարցերու մասին: Արա Սանճեան՝ Երեւան գտնուելով կը մասնակցէր Մատենադարանին մէջ Հայագիտական միջազգային 3-րդ գիտաժողովին։
«Նոր Յառաջ» – Հայագիտութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ ձեր մասնագիտութեան մէջ: Ի՞նչ է այսօր հայագիտութեան վիճակը։
Արա Սանճեան – Հայագիտութիւնը շատ լայն հասկացութիւն է, հոն տարատեսակ գիտակարգեր (տիսիփլիններ) կան, բոլորին վիճակը նոյնը չէ եթէ պիտի համեմատենք համաշխարհային միջինին հետ, առաւել եւս բաւական տարտղնուած է աշխարհագրականօրէն: Հայագիտութեամբ կը զբաղին տարբեր մասնագէտներ տարբեր երկիրներու մէջ: Իւրաքանչիւր երկրի ներքին պայմանները, միջավայրը, գիտական-համալսարանական մթնոլորտը կ’ազդէ որ շեշտակի տարբերութիւններ ըլլան, երբեմն՝ մօտեցումներու կամ հետաքրքրութիւններու պարագային: Այս իմաստով կը խուսափիմ մէկ միասնական կարծիք տալէ: Հայաստանի պարագային, իմ կարծիքս է, որ պէտք չէ խորշիլ եւ ըսել որ շատ ընելիք ունինք, որպէսզի կարենանք մօտենալ միջազգային լաւ մակարդակի: Կան որոշ փորձեր։ Կայ նաեւ պարտադրանք կառավարութենէն։ Միջազգային գրախօսուող հանդէսներու մէջ տպագրուիլը գրեթէ պարտադիր դարձած է տարբեր գիտնականներու համար, բայց ատիկա միայն մէկ ազդակն է պետութեան ներգրաւման: Բարելաւումը եթէ միա՛յն վերէն՝ հրահանգով ու պարտադրանքով ըլլայ, արդիւնաւէտ չ’ըլլար. պէտք է նաեւ ստեղծել այդ մթնոլորտը, ուր գիտնականները իրենք եւս գիտակցին որ ամէն մէկը ինքզինք բարելաւելու պարտականութեան տակ է: Մենք այսօր կ’ապրինք շատ մրցունակ աշխարհի մը մէջ, ուր դաժան է մրցակցութեան պայքարը, եւ ան որ չի կրնար ժամանակին հետ քայլ պահել, կը վնասէ: Այդ իմաստով կ’ուզեմ որ աւելի մեծ ջանք թափուի ե՛ւ կառավարութեան օժանդակութեամբ, ե՛ւ նաեւ մասնագիտական նախաձեռնութիւններով՝ բարելաւելու այն վիճակը, որ Հայաստանի մէջ կայ: Կան ի հարկէ բազմաթիւ անհատներ, որոնք կը գիտակցին եւ իրենց կարելին կ’ընեն: Կ’ուզէի որ այդ շրջանակը աւելի լայննայ:
«ՆՅ» – Եթէ աւելի ընդարձակ պատմագիտութեան դաշտը առնենք, վերջապէս հետազօտողներ՝ գիտական հանդէսներու մէջ հրատարակութեան համար պէտք է որոշ համալսարանական, գիտական պատրաստութիւն ունենան։ Այսօր Հայաստանի մէջ այդ մարզը, այնպէս ինչպէս որ կը դասաւանդուի, արդեօք ընդունա՞ծ է նորարարութիւնը, փոփոխութիւնը կամ աւելի լայն կարկինով իրականութիւնները չափելու, տեսնելու, թերեւս վերատեսութեան ենթարկելու սովետական շրջանէն մնացած որոշ պատկերացումներ։
Ա. Ս. – Պատմութիւնը՝ այնպէս ինչպէս որ ընդունուած էր սահմանել սովետական ժամանակին, համեմատաբար աւելի թոյլ վիճակի մէջ է հիմա, քան մօտիկ գիտակարգեր, ինչպիսիք են մշակութային մարդաբանութիւնն (Anthropologie culturelle) ու ընկերաբանութիւնը (Sociologie), ուր վիճակը աւելի լաւ է պատմութենէն: Պատմութեան մէջ աշխատանք շատ աւելի պէտք է ըլլայ: Նախ, ընդունինք որ Հայաստանի մէջ պատմութեան ուսումնասիրութիւնը գերազանցապէս հայոց պատմութեան մասին է. արեւելագէտներու շատ փոքր շրջանակ մը կայ։ Չկան Եւրոպայի պատմութեան մասին հայաստանցի յայտնի մասնագէտներ, որոնք նոր ուսումնասիրութիւններ ընծայեն։ Ալ չեմ խօսիր Ափրիկէի կամ Արեւելեան Ասիոյ մասին գրող մասնագէտներու մասին, որ գրեթէ չունինք: Պատմագիտութեան մէջ բաւարար աշխատանք չի տարուիր միջազգային միջին մակարդակին շուրջ ապահով տեղ գրաւելու համար: Հայաստանի պատմաբանները շատ աւելի ընելիք ունին, քան մշակութային մարդաբաններն ու ընկերաբանները, որոնք վերջին տարիներուն բաւական աշխատանք տարած են արդէն։ Այդ երկու գիտակարգերուն մէջ կարծես աւելի կայ այն գիտակցութիւնը, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրին մակարդակը պէտք է բարելաւուի: Յոյսով եմ, որ ատիկա նաեւ աւելի ու աւելի կը տարածուի պատմաբաններու շրջանակին մէջ:
«ՆՅ» – Ներկայիս ակնյայտ է, որ պատմութիւնը առանցքային դեր ունի մեր ինքնութեան սահմանման մէջ։ Սակայն այդ ինքնութեան եւ Եկեղեցւոյ դերին ընկալումը կը տարբերի հոգեւորականներու եւ պետական գործիչներու մօտ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի ապագայ տեսլականին եւ յատկապէս դրացիներուն՝ թուրքերուն եւ ազերպայճանցիներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման։ Այս պատկերացումներուն մէջ բնականաբար հինէն եկած սպասումները մեծ են եւ այսօր յեղաշրջումի բախումնալի անկիւնադարձ մը հաստատուած է 2020-ի պատերազմով։ Որքանո՞վ այսօր ընկերային, տնտեսական, պետական, քաղաքական պահանջը կը պայմանաւորէ նաեւ պատմութեան գիտութեան փոփոխութիւնները։
Ա. Ս. – Պատմութեան ողբերգութիւնը այն է որ իբրեւ գիտութիւն պէտք է նման ըլլայ այլ գիտութիւններու չափանիշերուն: Բայց սոտիումը կամ նատրիումը, թթուածինը զգացում չունին։ Առաւել եւս, մենք մեր ուզածը կրնանք ընել իրենց հետ մեր գիտական փորձարկումներուն ժամանակ. այնտեղ բարոյական հարցեր չկան: Երկրորդ, վերջին մի քանի տարիներուն աւելի շեշտուած յղումներ կ’ըլլան պատմութեան՝ մեր ինքնութիւնը մեկնաբանելու համար, յատկապէս՝ քաղաքական գործիչներէ, բայց նաեւ պարզ անհատներէ, որոնք հասարակական-քաղաքական անցուդարձով կը հետաքրքրուին, թերեւս նոյնիսկ իրենց ազատ ժամանակին մէկ մասը կը տրամադրեն պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ կարդալու: Դժբախտաբար, հայկական իրականութեան մէջ չունինք հանրամատչելի պատմագիտական հանդէս մը, որ շատ լաւ կ’ըլլար պատմութիւն սիրողները հասու դարձնելու գիտական նորութիւններուն: Պատմութեան արժեւորման մէջ տարակարծութիւններ մի՛շտ կ’ըլլան երբոր քաղաքական պայքար կայ, 2020-ի պատերազմը ցնցում մըն էր բոլորիս համար. նոյնիսկ մինչ այդ լաւատես չեղողներն անգամ ցնցուեցան եղած երեւոյթներէն։ Յաջորդեց 2023-ին Արցախի կորուստը, որ ներկայ հանգրուանին կարծես անդառնալի կ’երեւի, եթէ յանկարծ համաշխարհային, մեր կամքէն անկախ, մեծ ցնցումներ տեղի չունենան: Բնականաբար ներկայ բանավէճերը, պրկուած վիճակը որ կան Հայաստանի ու հայութեան հասարակական-քաղաքական դաշտին մէջ պիտի նաեւ պատմութեան վրայ ազդեն, որովհետեւ քաղաքական տարբեր կողմերը յաճախ յղումներ կ’ընեն պատմութեան։ Առաւել, այդ պայքարին մէջ մեծ թափով ընդգրկուած է երկրին գործադիր իշխանութիւնը:
Մենք չենք ունեցած վերջին տասնամեակներուն ոեւէ քաղաքական գործիչ, որ ներկայ վարչապետին չափ պատմութեան յղումներ ընէ եւ վերջին տասնամեակներուն տարածում գտած պատմագիտական տեսակէտներուն հակադրուի: Հոս ի՞նչ պէտք է ըլլայ պատմաբանին գործը. փորձել եղած նիւթին եւ ժամանակակից գիտական մեթոդատանութեան հիմքին վրայ արժեւորել արտայայտուած տարբեր կարծիքները եւ եզրակացնել թէ անոնցմէ որքա՛նը այսօրուան պատմական տուեալներով հիմնաւոր է: Ինչո՞ւ վերջնական բան չկայ պատմագիտութեան մէջ. որովհետեւ, առաջին, կրնան միշտ նոր նիւթեր յայտնաբերուիլ: Երկրորդ, մեր հայեացքը, մեր մօտեցումը հանդէպ պատմութեան՝ իբրեւ մարդկութիւն, ժամանակի ընթացքին կը փոխուի։ Հասարակական նոր խումբեր կը մտնեն պատմագիտական բանավէճին մէջ, ինչպէս՝ օրինակ, պատմութիւն գրելու մէջ վերջին տասնամեակներուն կանանց սեռին մեծ մասնակցութիւնը։ Բնականաբար, անոնք իրենց ուրոյն փորձառութիւնը բերին ու պիտի բերեն: Օր մը կրնայ ըլլալ, ինչպէս արեւմուտքի մէջ արդէն է՛, հայազգի սեռական փոքրամասնութիւնները եւս ունենան իրենց պատմաբանները եւ իրենց իւրայատուկ ձեւով նային պատմութեան, բան մը, որ տակաւին հայ իրականութեան մէջ, եւ արեւելեան հասարակութեան մէջ առհասարակ, շա՜տ շա՜տ լուսանցքային է:
Փոփոխութիւններ միշտ կան պատմագիտութեան մէջ: Քաղաքական փոփոխութիւններն աւելի փոքր են քան մեծ, աշխարհայեցողական փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան երկար ժամանակի վրայ: Բայց քանի որ դեռ հայերս յետպատերազմեան մթնոլորտին մէջ ենք, բնականաբար հիմա քաղաքականին շատ աւելի մեծ դեր կը տրուի, եւ ըստ էութեան, պատմութիւնն այսօր կ’օգտագործուի, ինչպէս միշտ, ա՛յս կամ ա՛յն քաղաքական ուղեգիծը հիմնաւորելու համար: Այսինքն, պատմութիւնը կը մեկնաբանուի այնպիսի ձեւով, որ ըլլայ դաշնակիցը առաջարկուող քաղաքական ուղղութեան մը: Օրինակի համար, սովետական տարիներուն, Իսրայէլ Օրիի պանծացումը իբրեւ հայ-ռուսական բարեկամութեան հիմնադիր, կը հիմնաւորուէր Աշոտ Յովհաննիսեանի մեծ գործով։ Բայց, Սփիւռքի մէջ եղած են պատմաբաններ՝ իրենց աշխարհայեացքով աւելի մօտիկ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որ այդ տարիներուն հարցականի տակ առած են Օրին մեծարելու դիրքորոշումը, ինչպէս՝ Յարութիւն Քիւրտեանը, որ ամբողջ գործ մը գրեց 1950-60-ականներուն՝ հարցականի տակ առնելով Իսրայէլ Օրիի հեղինակած սկզբնաղբիւրներուն արժանահաւատութիւնը: Կամ երբ Խորհրդային իշխանութիւնը կը պանծացնէր Պաւլիկեան եւ Թոնդրակեան շարժումները, արեւմուտքի մէջ որոշ գրախօսներ քննադատաբար կը մօտենային խորհրդային այդ գործերուն: Գրախօս մը, կը յիշեմ հայաստանցի հեղինակի մը մասին ընդգծած էր, որ մեր կօշիկը կը փորձէ Էնգէլսի ոտքին յարմարցնել:
Այսինքն, պատմագիտական այդ բանավէճերը յաճախ եղած են, բայց հիմա աւելի ակնառու են, որովհետեւ անմիջական մասնակցութիւնը կը վայելեն երկրի քաղաքական գործադիր իշխանութեան: Այլ իմաստով, բաւական առանձնայատուկ ժամանակաշրջան է եւ ըստ էութեան վարչապետը՝ ինքը նախաձեռնողն է կամ գոնէ այդպէս կ’երեւի: Խորհրդային Միութեան ժամանակ, Համայնավար կուսակցութեան իրերայաջորդ ղեկավարները Հայաստանի մէջ պէտք է պատմագիտական որոշակի յղումներ ընէին արհեստավարժ պատմաբաններուն, բայց կարեւորագոյն հարցերը աւելի շատ Մոսկուա կ’որոշուէին եւ Մոսկուայէն կը տարածուէին: Հայ համայնավարները չէին առաջին նախաձեռնողը՝ այդ հարցը ժողովուրդին ներկայացնելու, բայց բնականաբար իրենց միջամտութիւնը կարեւոր կ’ըլլար եթէ Գիտութիւններու ակադեմիային կամ Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին մէջ քննութիւններ ըլլային: Հիմա տարբեր դարաշրջան ենք` ուղղակի եթերներով հարցազրոյցներու դարաշրջան, ուր ղեկավարները նախապատրաստուելու աւելի քիչ առիթ ունին, մանաւանդ՝ եթէ իրենք կը կարծեն, որ շահաւէտ է իրենց համար հարցազրոյցներ տալը: Օրինակ, ներկայ վարչապետը, ի տարբերութիւն նախորդ նախագահներուն, շատ աւելի հաճոյքով կ’երթայ այդ հարցազրոյցներուն, աւելի շատ ժամանակ կը տրամադրէ լրագրողներուն։ Խորհրդարանական նոր համակարգը զինք ուղղակի հարցապնդելու առիթ կու տայ. նախագահական համակարգին մէջ ատիկա չկար: Այս ամբողջը ի հարկէ հարցի կարեւոր դառնալուն կը նպաստէ, եւ քանի որ երկրին մէջ պրկուած է վիճակը, տեսակէտները ծայրայեղացուած են։ Բնականաբար, պատմութեան շուրջ եղած քննարկումներուն հասարակական մասը պիտի արտացոլէ այդ ծայրայեղականութիւնն ու պրկուածութիւնը:
Գիտնականները պէտք եղած մասնագիտական ձեւով՝ ձեւով չեն մասնակցիր այս բանավէճերուն: Կան գիտնականներ, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ կամ լրագրողներուն պատասխանելով կ’արտայայտեն իրենց տեսակէտերը: Բայց քաղաքագիտական բանավէճին զուգահեռ պատմագիտական քննարկումներ, հրապարակային սեմինարներ, հանդէսներու մէջ բանավէճեր չկան։ Տակաւին այդ հանգրուանին չենք: Կրնայ ըլլալ, որ եթէ այս հարցը շարունակուի, հոն եւս հասնինք: Պիտի նաեւ ընդունինք որ պատմաբանը շատ աւելի ժամանակ կ’ուզէ, որ կարծիք յայտնէ, քան լրագրող մը, որ հարցում կը հարցնէ եւ քաղաքական գործիչէն պատասխան կը ստանայ: Լաւ պատմաբանը չունի այդ շռայլութիւնը՝ արագօրէն բան մը ըսելու, որովհետեւ ի վերջոյ իր գնահատելու չափանիշերը տարբեր են:

«ՆՅ» – Այս պատմական բեկումը նաեւ հիմնականին մէջ կը պայմանաւորուի երկրի տնտեսական, քաղաքական, դրացիներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու, ռազմադաշտի վրայ շրջադարձ եղած պայմաններու մէջ։
Ա. Ս. – Ռազմական պարտութիւնը ես ամէնէն բարձր տեղը կը դնեմ: Սփիւռքի մէջ 60-ական թուականներուն վերադասաւորում մը եղաւ: Պաղ պատերազմի թէժ շրջանը աւարտեցաւ եւ այդ շրջանի հիմնական առանցքը Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան օրինական ըլլալու կամ չըլլալու խնդիրն էր, հետը աշխատիլ փորձելու կամ անոր ընդդիմանալու խնդիրը: Տարբեր պատճառներով, 60-ականներուն, օրակարգը փոխուեցաւ: Նոր առաջնահերթութիւն դարձան՝ յիշել Եղեռնը, պահանջել անոր դատապարտումը, պահանջել անպայման որ այդ եղելութիւնը «ցեղասպանութիւն» որակուի, այն յոյսով, որ ասոնց ետեւէն պիտի գայ հատուցում։ Որոշներ նաեւ յոյս ունէին Թուրքիոյ կողմէ տարածքային զիջումներու հայ ժողովուրդին՝ կա՛մ Խորհրդային Հայաստանին կա՛մ այլ ձեւով:
Երբ Հայաստանը անկախացաւ, պէտք է ընդունինք որ կար որոշ ժամանակահատուած մը՝ Հայոց Համազգային Շարժման ստեղծման ժամանակ՝ Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան տարիներուն, երբ օրուան ղեկավարութիւնը որոշ անհանգստութիւն ունէր թէ 60-ականներուն ձեւաւորուած նոր օրակարգին առաջին խնդիրը հակաթուրք պայքարը եղած էր: Յետոյ, երբ Տէր Պետրոսեանը ստիպուեցաւ հրաժարական տալ, մօտ 20 տարի, իրերայաջորդ երկու նախագահներ, այդ սփիւռքեան օրակարգին համընթաց գացին, առնուազն՝ հրապարակայնօրէն: Առանձնապէս իրենք մինչեւ ո՛ւր համոզուած էին այդ առաջնահերթութեան, յստակ չէ, բայց առնուազն նպատակայարմար գտան անոր չհակադրուիլ։ Նաեւ Դաշնակցութեան նեցուկին կարեւորութիւն տուին: Դաշնակցութեան նեցուկը ունենալ կը նշանակէր Սփիւռքի մէջ կարեւոր չափով ունենալ մամուլի, լրասփիւռներու համեմատաբար լռութիւնը, եթէ Հայաստանի մէջ կային դատապարտելի կամ քննադատելի կէտեր: Նոր իշխանութիւնները եւս, երբ եկան 2018-ին, վիճակը սկիզբը նոյն ձեւով շարունակուեցաւ: Կար այդ խօսոյթը, որ եթէ նոր պատերազմ ըլլար, մենք ի վիճակի էինք նոր տարածքներ ձեռք ձգելու եւ այլն: Ատոր համար, պատերազմի պարտութիւնը եկաւ որպէս շատ պաղ ցնցուղ մը:
Հետագային, երբ նայինք Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան խօսոյթի փոփոխութեան՝ 2018-էն մինչեւ այսօր, կը տեսնենք, որ իսկապէս լուրջ նահանջ կայ նախապէս հայրենասիրական համարուող պահանջներէն, եւ այդ ընթացքը շատ աստիճանական էր: Մասամբ, կրնամ ըսել, որ տարբեր հանգրուաններու, Հայաստանի կառավարութիւնը գերագնահատեց իր ուժերը, տուաւ խոստումներ, ըսաւ որ ասիկա կամ անիկա «կարմիր գիծ» է, բայց վերջաւորութեան ստիպուեցաւ ատոնցմէ մէկ առ մէկ հրաժարելու, որովհետեւ տեսաւ որ ինք չի կրնար այլ պետութիւններէ, սկսելով՝ Մոսկուայէն, նոյնիսկ՝ Իրանէն, ատոնց շուրջ աջակցութիւն ստանալ: Երբ պահը եկաւ, մենք չկրցանք զանոնք համոզել: 2023-ին, ամբողջ աշխարհը դիտեց Արցախի հայաթափումը։ Առաւել եւս, Համասի յարձակումը՝ Հոկտեմբեր 7-ին ամենամեծ նուէրն էր Իլհամ Ալիեւին, որովհետեւ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղեց դէպի շատ աւելի մեծ, արիւնալի ողբերգութիւն մը, որուն քով արցախցիներուն զոհերու քանակը միջազգային հանրութեան շատ աւելի փոքր թուեցաւ՝ ի տարբերութիւն տասնեակ հազարաւորներու, որոնք Կազայի մէջ սպանուեցան:
Այդ է պատճառը, որ իշխանութիւնը եկաւ նոր, համընդգրկուն գաղափարախօսական խօսոյթի մը, որուն նմանները մենք ունեցած ենք, բայց՝ կարճ ժամանակներով, 20-րդ դարուն: Եղած են ժամանակներ, երբ Հայաստանը նոյնպէս ինքզինք մեն մենակ գտած է թուրքերու դէմ, օրինակ՝ 1918-ին, ինչքա՜ն ալ մեծցնենք Սարդարապատը։ Ըստ էութեան, Պաթումի պայմանագիրը գործադրելը, մինչեւ 1918-ի վերջը՝ օսմանեան բանակներու պարտութիւնը, որ Հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան եղաւ, մեր Հայաստանի օրինական, Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորած կառավարութեան քաղաքականութիւնն էր:
Երկրորդ անգամ նոյն կոտրած տաշտակին եւ դառն իրականութեան առջեւ հայութիւնը գտնուեցաւ երկուքուկէս տարի ետք՝ Ալեքսանդրապոլի պայմանագրի օրերուն: Բայց քանի որ Մոսկուայի խորհրդային իշխանութիւնները օգտուեցան այդ առիթէն եւ Երեւանի մէջ իշխանութենէն հեռացուցին դաշնակցականները, Դաշնակցութիւնը ձեւով մը բեռը չունեցաւ արդարացնելու Ալեքսանդրապոլի մէջ առած իր քայլը: Այդ շրջանը, եթէ նայինք մամուլին, միա՛յն մօտ մէկ շաբաթ կը տեւէ՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան կարճ շրջանին: Ալեքսանդրապոլեան այդ խօսոյթին վերադարձ եղաւ եւս 45 օր՝ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն, բայց Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս պարտուեցաւ: Անկէ ետք, Դաշնակցութիւնը կրցաւ համեմատաբար ազատ ըլլալ արտասահմանի մէջ եւ՝ իբր աքսորական ուժ, վառ պահել պահանջատիրութեան երազը, քանի որ պետութեան մը սահմանները պահելու, ժողովուրդ մը կուշտ պահելու եւ նման այլ խնդիրներ այլեւս չունէր:
Դաշնակցութեան օրինակը կու տամ, որովհետեւ միա՛կ կազմակերպութիւնն էր Սփիւռքի մէջ, որ կ’ուզէր ազգային-պահանջատիրական հարցերը ինքնուրոյն լուծել եւ փնտռտուքի մէջ էր. դժգոհ էր ե՛ւ խորհրդայիններէն, ե՛ւ Թուրքիայէն։ Նաե՛ւ կը գիտակցէր, որ երկուքին դէմ միաժամանակ սուր ճօճելը շատ դժուար է։ Ատոր համար Դաշնակցութեան մարտավարութիւնը տատանումներու, դեգերումներու, փոփոխութիւններու քաղաքականութիւն էր: 1921-88-ին, անոր շեշտադրումը մի քանի անգամ փոխուած է: Իսկ երբ եղած է այն շեշտադրումը, թէ հիմա՛ աւելի մեծ է Ռուսաստանի վտանգը կամ աւելի հեշտ է խորհրդայիններէն փրկուիլը, մեղմացուած է երաժշտութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ: Եւ ասիկա նոյնիսկ դաշնակցական հեղինակներն ալ կ’ընդունին՝ զուսպ կերպով, թէեւ այսօր այդ ժամանակաշրջաններու գրականութիւնը չի վերյիշուիր, վերատպուիր:
Ռամկավարները եւ հնչակեանները այս պատմութենէն դուրս են, որովհետեւ հայերէն ներկայիս տարածուած բառը օգտագործելով, անոնք հայկական արտաքին հարցերը արտապատուիրակած էին Հայաստանի կոմունիստ ղեկավարութեան եւ Մոսկուային, այն համոզումով որ՝ «մենք աւելի հայրենասէր չենք, քան Հայաստանի ղեկավարները. գիտենք, որ Հայաստանի ղեկավարները,– ինչ որ ալ իրենց հակառակորդները ըսեն,– մեր երազանքները կը բաժնեն», եւ ատիկա մասամբ թերեւս ճշմարտութիւն էր՝ Խանջեանէն մինչեւ Կարէն Դեմիրճեան, «եւ եթէ յարմար ժամանակը ըլլայ, իրենք այդ ազգային հարցերը արդէն կը բարձրացնեն: Մեր նպատակը շատ աւելի սահմանափակ է. սփիւռքահայ զանգուածներուն գովերգել Հայաստանը, սէրը վառ պահել Հայաստանի հանդէպ՝ անկախ իր վարչակարգէն»։ Մինչ Դաշնակցութիւնը կ’երթար ու կը զարնէր դռները տարբեր պետութիւններու, ռամկավարներուն ու հնչակեաններուն կապը, ըստ էութեան, միա՛յն Խորհրդային Միութեան հետ էր, յատկապէս՝ խրուշչովեան տարիներէն սկսեալ: Դաշնակցութեան պարագային, իրենք զարկած են ե՛ւ Մուսոլինիի դուռը, ե՛ւ Հիթլերի դուռը, ե՛ւ Անգլիոյ, ե՛ւ Ֆրանսայի, եւ հետագային՝ ԱՄՆ-ու դռները, երբեմն՝ մասամբ նաե՛ւ Մոսկուայի դուռը, որովհետեւ իրենց քաղաքականութիւնը աւելի գործուն եղած է, աւելի աշխուժ, որովհետեւ իրենք իրենց վրայ վերցուցած էին հայ ժողովուրդի ճակատագրի, դատի հարցը ինքնուրոյն լուծելու խնդիրը:
Այսօր Դաշնակցութիւնը եկած է մօտաւորապէս այն դիրքորոշման, որ քիչ թէ շատ ռամկավար-հնչակեաններունն էր, այսինքն՝ ըստ էութեան, ընդունիլ, որ միակ մեր ընելիքը Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կառավարելի պահելն է, եւ որ Հայաստանի համար ատիկա չարեաց փոքրագոյնն է։ Ատիկա գուցէ կարենայ նոյնիսկ մեծ օգուտ բերել Հայաստանին։ Այդ իմաստով, այսօր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը հիմնական քննադատներէն է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան։ Այլեւ, Դաշնակցութեան գոյութիւնը ընդդիմութեան մէջ միաժամանակ մանանայ է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան համար, որովհետեւ երբ Քաղաքացիական Պայմանագիրի երեսփոխանները խորհրդարանին մէջ կը հակադարձեն իրենց ընդդիմախօսներուն, կը բերեն օրինակներ Դաշնակցութեան անցեալի ըսածներէն եւ ըրածներէն այն ժամանակահատուածներուն, որոնց ակնարկեցի: Եթէ Դաշնակցութիւնը ընդդիմութեան մէջ չըլլար, քաղաքական պայքարի պատմագիտական բանավէճի երեսակը բաւական նեղ սահմանի մէջ կը մնար:
Ես ընդհանուր գնահատական պիտի չտամ Փաշինեանի պատմագիտական մեկնաբանութիւններուն, որովհետեւ ամէն մէկ նախադասութիւն որ ան կ’ըսէ, առանձին-առանձին պէտք է արժեւորուին: Բաներ կան Փաշինեանի տեսակէտներուն մէջ, որոնց համաձայն եմ։ Բաներ կան, որոնք առհասարակ նորութիւն չեն, եւ բաներ ալ կան, ուր տեսակէտս տարբեր է: Վարչապետին պատմագիտական ամբողջ խօսոյթը պէտք է տարբաղադրել տարբեր բաժիններու եւ ըստ այնմ խուսափիլ մէկ, միասնական ընդհանուր գնահատական տալէ։ Բայց պարզ է, որ այս խօսոյթը ընդհանրապէս չէր ծագեր, եթէ հայերս պատերազմը չկորսնցնէինք:
«ՆՅ» – Հետաքրքրականը Փաշինեանի կամ Քաղաքացիական Պայմանագիրի պարագային այն է, որ իրենք պատմութեան վերընթերցում մը կ’ընեն եւ ձեւով մը յաջողեցան կերտել նոր յղացք մը՝ «Իրական Հայաստան»-ի յղացքը, որ կ՚ամփոփէ Հայաստանի պատմութեան նոր ընկալում մը եւ քաղաքական ուղեգիծ մը կը սահմանէ՝ բաւարարուիլ այսօրուան Հայաստանի քարտէսով, ընդունիլ սահմանային statu quo-ն։ Ուրեմն, պատմաբաններու համար մեկնաբանելու նոր էջ կը բացուի, ժամանակակից պատմութեան կերտումին անդրադառնալու հարկադրանքին տակ կը դնէ զանոնք։
Ա. Ս. – Երկու խնդիր կայ այստեղ: Պատմագիտութեան մէջ ժանր մը կայ, որ մենք հայ իրականութեան մէջ շատ քիչ ուսումնասիրած ենք. առնուազն այդ մասին հայագիտական որեւէ հրատարակութիւն չկայ, մինչդեռ միջազգային գիտութեան մէջ վաղուց առկայ է: Շատերը կրնան մինչեւ Նիցչէի գործը տանիլ։ Անկէ աւելի մասնագիտական, պատմաբաններու կողմէ գրուած գործեր ալ կան, թէ ինչպէս տարբեր պատմագիտական երեւոյթներ խորհրդանիշերու կը վերածուին։ Անգլիացիներուն համար՝ Տէօնքերքը (Dunkirk; Dunkerque) կամ Պլիցը, միջազգային գետնի վրայ՝ Միւնիխը։ Եթէ ոեւէ մէկուն դէմ կ’ուզես մինչեւ վերջ պայքարիլ ու զայն ջախջախել՝ Միւնիխը կը յիշես, որպէսզի յստակացնես, թէ կարելի չէ բանակցութիւններու մէջ մտնել ծայրայեղական հակառակորդի հետ: Մեր իրականութեան մէջ ալ կան խորհրդանիշեր։ Վերջերս կը նայէի Ալեքսանդր Սարուխանի վաղ շրջանի երգիծանկարներուն։ Հոն 1920-ին Կարսի անկումը քանիցս կը յիշատակուի՝ Դաշնակցութիւնը երգիծանքի ենթարկելու համար: Մինչեւ այսօր եղած են խորհրդանիշերու շուրջ տարբեր մեկնաբանութիւններ, բայց հիմա շատ աւելի բուռն է դրութիւնը, որովհետեւ վարչապետը ինքն իր ամբողջ էութեամբ մտած է հարցին մէջ:
Երկրորդ խնդիրը՝ ժամանակակից քաղաքական գիծի քննարկումն ու արժեւորումը պատմաբանին առաջնահերթ, մասնագիտական գործը չէ։ Պատմաբանը պէտք է գնահատէ եթէ արտայայտուած տեսակէտները կը համապատասխանեն պատմութեան տրամադրած նիւթերուն։ Կրնան տարբեր պատմաբաններ, տարբեր մեկնաբանութիւններ ներկայացնել։ Այդ պարագային, պէտք է նայիլ անոնցմէ իւրաքանչիւրին լրջութեան եւ մա՛նաւանդ քաղաքականօրէն անկողմնակալ մօտեցումին եւ անոնց տեսակէտներուն արխիւային հիմնաւորումներուն: Այդ աշխատանքը դեռ չեղաւ Հայաստանի մէջ, եւ չըլլալուն պատճառն ալ թերեւս անիկա է, որ հասարակական դաշտը Հայաստանի մէջ շատ բեւեռացուած է, այսինքն՝ կան չափազանց քիչ լրասփիւռներ, որոնք հետաքրքրուած են տրամադրելու հարթակ՝ առանց իմանալու թէ հիւրը վերջաւորութեան, իր մեկնաբանութեամբ, պիտի կո՞ղմ կամ դէմ ըլլայ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան: Լրասփիւռները սովորաբար կը պահանջեն հետեւողականօրէն կողմ կամ դէմ ըլլալ, որովհետեւ Հայաստանի լրատու դաշտը՝ շատ քիչ բացառութիւններով, աւելի շատ քարոզչութեան միջոց է, քան իր առարկայականութեամբ ընթերցողը իրեն կապելու կամ ընթերցողին գործը դիւրացնելու նպատակ հետապնդող: Աւանդաբար, համաշխարհային հռչակի տէր թերթեր կան, որոնք՝ կողմ ըլլալով հանդերձ, հեղինակութիւն կը վայելեն, որովհետեւ իրենք լրջօրէն կը ներկայացնեն ու կը մեկնաբանեն տեղեկատւութիւնը, ինչպէս՝ «Լը Մոնտ»-ը, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կամ «Սի. Էն. Էն.» կայանը: Հայաստանի պարագային աւելի դժուար է. հայերս աւանդոյթն ալ չունինք:
«ՆՅ» – Գլխաւոր այս թեման որ արծարծեցինք, պատմութիւնն է իբր ինքնութեան սահմանումի մեկնակէտ։ Եթէ 20 տարի ետք այսօրուան հարցերուն նայինք, ի՞նչն է որ ամէնէն շատ ուշադրութիւն պիտի գրաւէ. բնականաբար՝ պատերազմի ժամանակ պարտութիւնը, տնտեսական գետնի վրայ այդ յեղաշրջումը որ տեղի ունեցաւ, վերջապէս՝ երկիրը շրջափակումի մէջ է, արտագաղթը կայ։ Ասոնք առարկայական ձեւով նաեւ կը սահմանեն մեր այսօրուան քաղաքականութիւնը, ընդհանրապէս՝ հասարակութեան այսօրուան իրականութիւնը։
Ա. Ս. – Պարզ օրինակ մը տամ. մենք 19-րդ դարուն՝ աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն նման, ազդուեցանք գերմանական ծագում ունեցող «մշակութային ազգի» (kulturnation) գաղափարէն, որ ֆրանսական յեղափոխութիւնը ձեւով մը պետական քաղաքականութեան վերածեց, իսկ Նափոլէոն՝ ձեւով մը, կամայ-ակամայ, իր պատերազմներով, ամբողջ Եւրոպայի մէջ տարածեց՝ Ֆրանսայի կո՛ղմ եւ դէ՛մ: Ատկէ ետք, ատիկա հասաւ Օսմանեան կայսրութիւն, Ասիա, Ափրիկէ, լատին ամերիկեան երկիրներ։ Մենք ալ, ի հարկէ՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան, Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի զարգացումներուն մասնակից ժողովուրդ, 19-րդ դարուն ազդուեցանք այդ հոսանքէն։ Անոր մէկ մասը մեր աշխարհիկացումն էր: Մենք մեզի սկսանք նայիլ իբրեւ աշխարհիկ ժողովուրդ։ Սկսանք հաւատալ, որ մեր նախաքրիստոնէական-հեթանոսական շրջանը նո՛յնքան կարեւոր է եւ մերն է ինչքան քրիստոնէականը, եւ միայն 19-րդ դարու կէսերուն է, որ սկսան հայ հեթանոսութեան մասին ուսումնասիրութիւններ գրել կամ հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ առանձին գլուխ զետեղել, ուր կը նկարագրուէին հայ հեթանոսական աստուածները: Նախորդ հեղինակները՝ Հայր Միքայէլ վրդ. Չամչեան, եւ ապա՝ Հայր Յովսէփ վրդ. Գաթըրճեան այդպէս չէին վարուած: Պապ թագաւորի նոր մեկնաբանութիւնը աշխարհիկացման արդիւնք է, ինչպէս նաեւ՝ Վասակ Սիւնին արդարացնելու փորձը՝ իբրեւ այլընտրանք Վարդանի մարտիրոսութեամբ քրիստոնէութեան հաւատքին կառչած մնալուն… Այսպիսի վերընթերցումներ յաճախակի կրնան ըլլալ։ Այդ իմաստով, այսօրուան փոփոխութիւններն ու բանավէճերը նորութիւն չեն:
Հիմա, ինչպէ՞ս ապագայ պատմութիւնը պիտի նայի Փաշինեանին: Եթէ պատմութիւնը «կանգնեցնենք» այս պահուս՝ երկու խնդիր կայ, իմ կարծիքովս: Մէկը՝ ինքը կրնա՞ր կանխել պատերազմը, տեղի ունենալէն առաջ, եթէ անկեղծ ըլլար ժողովուրդին հետ: Իմ կարծիքովս՝ չէր կրնար, բայց կրնար ինքզինքը փրկել պատմութեան առջեւ, ինչպէս հիմա շատեր կը կարծեն թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը 1998-ին ինքզինք փրկած եղաւ: Երկրորդ խնդրին պատասխանը, սակայն, շատ երկարաժամկէտ է: Ես մասնագէտ չեմ զինուորական հարցերու, բայց գիտեմ որ բաւական լուրջ վերափոխումներու խնդիր կայ: Ես նաեւ մասնագէտ չեմ տնտեսական զարգացման հարցերու, բայց այս իշխանութիւնը դիմացաւ, որովհետեւ տնտեսութիւնը չքայքայուեցաւ: Այսինքն՝ հազուադէպ է, որ երկիր մը պատերազմի մէջ պարտուի, սակայն անկէ ետք անոր արժոյթը միջազգային հարթակներու վրայ արժեւորուի, մէկ շունչի հաշուով համախառն ներքին արտադրանքը աճ արձանագրէ, եւ աւելին՝ ըստ Միջազգային արժութային հիմնադրամի կանխատեսումներուն, անիկա դառնայ աշխարհի հինգերորդ ամէնէն արագ զարգացող տնտեսութիւնը, որ յաջորդ հնգամեակին, ինչպէս կ՚ակնկալուի, պիտի բարելաւուի եւս 34 տոկոսով։ Եթէ այլ ցնցումներ չըլլան եւ իսկապէս Հայաստանը շարունակէ զարգանալ, բնականաբար ատիկա դրական պիտի ազդէ Փաշինեանի ապագայ վարկանիշին վրայ: Անկեղծ ըլլանք. մինչ 2008-էն ետք Ազերպայճանը հսկայական ոստում արձանագրեց եւ մեծապէս առաջ անցաւ Հայաստանէն ու Վրաստանէն, այս վերջինները կը շարունակեն զարգանալ դանդաղ, բայց կայուն քայլերով, ինչ որ Հայաստանի պարագային ակնյայտ է Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներէն ի վեր։ Փաշինեանի ժամանակ, սկզբնական, որակական որոշ ոստում մը եղաւ, երբ քաղաքական իրավիճակը փոխուեցաւ 2018-ին, եւ առայժմ կը շարունակուի ատիկա: Ենթադրենք, թէ շարունակուեցաւ. միշտ հետագան անցեալը վերարժեւորելու մէջ դեր կը խաղայ: Այդ իմաստով, դեռ Փաշինեանի վճիռը արձակուած չէ, ինչպէս է պարագան որեւէ գործող իշխանութեան ամէնուր: Ապագայ պատմաբանը Փաշինեանը պիտի արժեւորէ այդ միւս երկու հարցերէն մեկնելով: Թէ հնարաւո՞ր էր խուսափիլ 2020-2023 թուականներու այդ մեծ փորձանքէն որ մեր գլխուն եկաւ Արցախի կորուստով. ասոր պատասխանը միշտ որոշ չափով թէական պիտի մնայ, որովհետեւ ինչպէ՞ս պիտի փաստես հակառակը։ Բայց, երկրորդին պարագային, եթէ ընկերա-տնտեսական արժէքաւոր փոփոխութիւններ ըլլան եւ մարդոց կենսամակարդակը բարձրանայ գալիք 10-20 տարիներուն ընթացքին, ինչպէս որ կը կանխատեսուի միջազգային մասնագէտներու կողմէ, մարդիկ եւ յաջորդ սերունդի մասնագէտները պիտի գնահատեն կատարուածը։ Յամենայն դէպս, «Արցախը մեր վզին վրայ մեծ քար մըն էր» Փաշինեանի ձեւակերպումը շատ ծանր կը թուի ականջիս։
«ՆՅ» – Կ՚ուզէի նաեւ անդրադառնալ Եկեղեցւոյ դերին, քանի որ մեր պատմութեան մէջ կրօնն ու ազգային անցեալը սերտօրէն միահիւսուած են։ Այսօր հոգեւորականները կը բողոքեն, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը դուրս մղուած է դպրոցական ծրագրերէն ու դասագիրքերէն։ Ի վերջոյ, անոնք հսկայական դեր ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ եւ ըստ էութեան՝ անցեալի մեր պատմիչներուն մեծագոյն մասը հոգեւորականներ եղած են։
Ա. Ս. – Մինչեւ 19-րդ դար՝ գերազանցապէս։ Կան մի քանի աշխարհականներ, բայց համաշխարհային ուղղութիւնն ալ այդպէս էր: Ճիշդ է, որ Եւրոպան աւելի շուտ սկսաւ աշխարհիկացումը, բայց մինչեւ արդի ժամանակաշրջան ընդհանրապէս զարգացած խաւը հոգեւորականներ կ’ըլլային՝ քուրմեր, քրիստոնեայ վարդապետներ ու քահանաներ, մայաներու հոգեւոր առաջնորդներ եւ այլն, որովհետեւ գլխաւորաբար հոգեւորական կեանքին մէջ էր գրագիտութիւնը: 19-20-րդ դարերուն, աշխարհիկացման հետ յայտնուեցան աշխարհական պատմաբաններ, աշխարհիկ հայագիտական կրթութիւն սկսաւ Ֆրանսայի եւ ռուսական համալսարաններու մէջ։ Նոյնիսկ Մուրատ-Ռափայէլեան դպրոցը հոգեւորականներու կողմէ կ’առաջնորդուէր բայց կ’ընդունէր աշխարհական ուսանողներ: Ֆրանսայի եւ ռուսական համալսարաններու մէջ, Խաչատուր Աբովեանը, Ստեփան Նազարեանցը, Ստեփան Ոսկանը արդէն այն սերունդն են, որոնց համալսարանական դասախօսները հոգեւորականներ չէին:
Մեր Եկեղեցին ներկայիս շատ պահպանողական է, եւ երեւի աւանդականօրէն պէտք է պահպանողական ըլլայ։ Անոր դերը ժամանակակից մտաւորական կեանքին մէջ, ըստ էութեան, շա՜տ շա՜տ սահմանափակ է: Մատենադարանի գիտաժողովին ժամանակ 350-ամեակը նշեցինք Հայր Մխիթար վրդ. Սեբաստացիին, դարձեալ հպարտութեամբ նշեցինք այն մեծ դերը, որ Մխիթարեանները ունեցած են, բայց բերուած օրինակները մեծ մասամբ 19-րդ դարէն, առաւելագոյնը՝ 20-րդ դարու սկիզբէն էին: Սա կը նշանակէ, որ հայ մտաւորական աշխատանքի կշիռը տեղափոխուած է դէպի աշխարհիկ ոլորտ։
Առաւել, մենք այսօր ունինք ժողովուրդ մը, որ բարձր չի գնահատեր հոգեւորականի ասպարէզը: Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որու հոգեւորականները իր մէջէն կը ծնին։ Ուրիշ ազգեր հոգեւորականներ «կը ներածեն», եթէ կարելի է այդպէս ըսել։ Մենք չունինք այդ սովորութիւնը: Եթէ այսօր ոչ-հայ մը գայ եւ ըսէ թէ կ’ուզէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամակցիլ, որովհետեւ անոր դաւանանքը իր սրտին շատ կը խօսի, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պատասխան կը ստանայ:
Այդ իմաստով, մեր հոգեւոր դպրոցները իրենց ուսման մակարդակը բարձրացնելու շատ մեծ խնդիր ունին: Մենք բարձրագոյն հոգեւոր դպրոց չունինք: Կը հպարտանանք որ քաղկեդոնականութիւնը ժխտեցինք, բայց մեր բոլոր հոգեւորականները ներկայիս քաղկեդոնական համալսարաններ կը յաճախեն, քանի որ ե՛ւ կաթոլիկ ե՛ւ յոյն-ուղղափառ եկեղեցիները քաղկեդոնական են։ Նոյնիսկ աւետարանականները քաղկեդոնականութեան հետ խնդիր չունին, որեւէ ձեւով չեն հակադրուիր Քաղկեդոնի չորրորդ տիեզերական ժողովի որոշումներուն կամ Լեւոն Պապի Տոմարին: Ուրեմն, հոս եւս ունինք որոշակի հակասութիւն մը:
Ինծի համար կարեւորագոյնը մեր Եկեղեցւոյ բարեփոխման խնդիրն է, որ ուղղակի կապ չունի Պետութիւն-Եկեղեցի փոխյարաբերութիւններուն հետ։ Եկեղեցին պէ՛տք է ժամանակին հետ քայլ պահէ: Տասնամեակներէ ի վեր կը խօսինք բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան մասին, բայց դեռ չունեցանք լուրջ յառաջընթաց։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները ինչքան ալ նախաձեռնող ըլլան այս հարցով, պատմական աւանդոյթը կայ, որ իրենց աթոռը համեմատաբար երկրորդն է Էջմիածնի նկատմամբ: Առաջին դէմքը Ամենայն հայոց կաթողիկոսն է։ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները առանձին նախաձեռնութիւններ չեն կրնար առնել՝ առանց Էջմիածնի համաձայնութեան եւ աջակցութեան: Ատոր վրայ վերջերս աւելցաւ Հայաստանի Պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւններու թնճուկը։ Առաւել, Հայաստանի շատ քաղաքացիներ կը հաւատան, որ իրենց երկիրը աշխարհիկ պետութիւն է եւ կ’ուզեն սահմանափակել Եկեղեցւոյ իրաւունքները։ Ուրիշներ, սակայն, կը պնդեն շատ պահպանողական, աւանդական տեսակէտը: Բնականաբար, այս երկու խմբաւորումները իրենց փոխյարաբերութիւնները կարգաւորելու կամ նոր օրէնքներու մշակման ժամանակ խնդիրներու առջեւ պիտի կանգնին։ Բայց, ուշ կամ կանուխ մենք պէտք է ընենք այդ բարեփոխումները: Պէտք է ընենք յատկապէս այնպիսի տեղերու համար, ինչպէս Ամերիկա, ուր այլատեսակ Եկեղեցիներ շատ կան, որոնք շատ աշխուժ են եւ շատ յաճախ ժամանակակից դառնալու լուրջ աշխատանքներ կը տանին։ Անոնց քով մեր Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները կարծես միջնադարէն մնացած գեղեցիկ ցուցանմուշներ ըլլան. ամենալուրջ հարցերը, որոնք կ’ալեկոծեն քրիստոնեայ այլ Եկեղեցիներ, մեզի համար կարծես թէ գոյութիւն չունին, հակառակ անոր որ մեծ թիւով հայեր կ’ապրին Ամերիկայի մէջ կամ այլուր՝ որպէս դրացիներ այլ քրիստոնեայ Եկեղեցիներ յաճախող մարդոց:
Հայաստանի մէջ եկեղեցական բարեփոխման վերաբերեալ ճնշումը մեծ չէ, որովհետեւ առհասարակ Հայաստանի մեր ժողովուրդը շատ կրօնամէտ չէ կամ, եթէ է, շատ ձեւական։ Բովանդակային քննարկումներ հաւատքի շուրջ, ընկերային-բարոյական հարցերը կրօնական ըմբռնումով լուծելու շուրջ չկան: Իսլամական երկիրներու մէջ, քրիստոնեայ եկեղեցիները կրաւորական եղած են՝ ի պաշտօնէ, պարզապէս ինքնութիւնը պահպանելու համար: Իսլամ չդառնալը եղած է ո՛չ միայն Հայ եկեղեցւոյ, այլ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու գլխաւոր խնդիրը իսլամական աշխարհին մէջ: Հայ եկեղեցւոյ ժառանգած այս տիպի խնդիրները անկախ են Հայաստանի պետութեան հետ յարաբերութիւններու թնճուկէն։ Անկախ թէ ի՛նչ է Հայաստանի պետութեան այսօրուան ղեկավարին դիրքորոշումը, Եկեղեցին պէ՛տք է ինքը գիտակցի, որ մենք իսկապէս 21-րդ դարու Եկեղեցի ըլլալու խնդիր ունինք: Կառավարութիւնը եւս պէ՛տք է հասկնայ, որ Եկեղեցին իր գրպանը չի կրնար ըլլալ: Այստեղ պէտք է շատ յստակ որոշումներ կայացուին, թէ Եկեղեցիին կարգավիճակը ի՛նչ է Հայաստանի մէջ. ան չի կրնար սովորական կազմակերպութեան մը պէս ըլլալ, որովհետեւ մենք իրեն պատմականօրէն որոշակի մենաշնորհ տուած ենք: Եթէ կուսակցութիւն մը չես սիրեր, կ’երթաս նոր կուսակցութիւն մը կը բանաս, արգելք չկայ: Ամերիկայի մէջ այսօր այսպէս է. եթէ չես սիրեր գոյութիւն ունեցող Եկեղեցիները, կրնաս նոր Եկեղեցի մը հիմնել՝ հաւատարիմ մնալով կառավարական մի քանի պայմաններու: Բայց երբ Հայաստանի մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պէս առաւելութիւններ ունիս, ատոնց հետ կու գան նաեւ որոշակի պարտաւորութիւններ, որոնք առաջին հերթին Եկեղեցին ինքը պէտք է սահմանէ:
Ես որպէսզի լաւ ուսուցիչ ըլլամ, պէտք է նոյն չափանիշով արժեւորեմ բոլոր աշակերտներս եւ տեսակէտս չպարտադրեմ անոնց: Եկեղեցին նոյնպէս պէտք է այս հարցերուն լուծումներ գտնէ։ Դիւրին գործ չէ։ Մենք աշխարհով մէկ սփռուած կառոյց մըն ենք, ամենահինը եւ ամենաշարունակականը հայ իրականութեան մէջ է։ Միակ հայկական կառոյցն է Եկեղեցին, որ գրեթէ ամէն տեղ է ուր հայ կայ։ Եկեղեցին աւելի երկարակեաց է սփիւռքեան պայմաններուն մէջ՝ քան քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւնները: Ուրեմն Եկեղեցին պէտք է շատ աւելի յարմարող, պատշաճեցնող ըլլայ ինքզինքը, որուն համար շատ լուրջ քննարկումներ պէտք է ըլլան: Պէտք է լրջօրէն մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի արժէքաւոր հայեր ընդգրկել եկեղեցական ծառայութեան մէջ: Ես անոնցմէ եմ, որ եթէ խնդիրը կուսակրօնութիւնը վերացնելն է, կողմ եմ որ լրջօրէն քննարկենք: Կրնայ ուրիշ լուծում մըն ալ ըլլալ. քահանաներուն դերը լայնացնել Եկեղեցւոյ մէջ, եւ քահանայ ըլլալը արգելք չըլլայ վարչական բարձր պաշտօններ ստանալու: Եթէ պէտք ըլլայ՝ կարելի է նաեւ հոգեւորականներուն պաշտօնական զգեստները փոփոխութեան ենթարկել: Այս ամբողջը անհրաժեշտ են, որովհետեւ մեզի կենսունակ Եկեղեցի պէտք է՝ անկախ Հայաստանի օրուան իշխանութեան ղեկավարներու կեցուածքէն: Այս հարցերը առանձին քննարկման կը կարօտին, ե՛ւ Եկեղեցւոյ հայաստանեան կառոյցին ե՛ւ, ուր որ պէտք է, Հայաստանի պետական հաստատութիւններուն մէջ: Այսօր Ս. Էջմիածինը ունի ներկայութիւն բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ եւ անոնք եւս հաւասարապէս նոյն եկեղեցւոյ զաւակներն են, ինչպէս հայաստանաբնակ առաքելականները։ Ս. Էջմիածնի վեհափառը բոլորին վեհափառն է, անկախ անկէ թէ Եկեղեցւոյ անդամը ո՛ւր կ’ապրի: Խնդիրները՝ ըստ երկիրներու, տարբեր են. անոր համար ալ, լուծումները՝ թէեւ մէկ, միասնական, ընդհանուր հովանոցի տակ, իւրաքանչիւրի պարագան ալ առանձին պէտք է նկատի առնեն: Երբ Հայաստանի կառավարութեան համախոհներէն ոմանք անուղղակի կ’ակնարկեն երբեմն, թէ Եկեղեցին պէտք է հայկական պետականութեան կցորդը ըլլայ, պէտք է քիչ մը զգուշ ըլլանք այս հարցով եւ չմոռնանք Եկեղեցւոյ նաե՛ւ աստուածային դերը: Եթէ քրիստոնեայ ենք, պիտի հաւատանք որ կան դրախտ ու դժոխք, պիտի հաւատանք որ կայ Վերջին դատաստան եւ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ պէտք է պատրաստուինք այդ Վերջին դատաստանին: Եկեղեցւոյ դերը, առաջին հերթին, մեզի այդ օրուան պատրաստելն է: Ես չեմ կարծեր թէ վերջաւորութեան՝ Վերջին դատաստանին, երբ Աստուծոյ դէմ կանգնինք, Ան մեզի պիտի հարցնէ Հայաստանի մասին, Արցախի մասին։ Ան պիտի հարցնէ թէ աղքատին, ծերին օգնեցի՞նք: Մենք լայն քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը ունինք, բայց չունինք այն հոգեւորականները, որոնք կը գիտակցին եւ կը նախաձեռնեն այսպիսի գործընթացի մը: Ազգային եկեղեցական ժողովը երեք օրուան ընթացքին այսպիսի հարցեր չի կրնար լուծել. առաւելագոյնը, կրնայ մեկնարկը տալ հարցերու քննարկման եւ տարիներ ետք վերադառնայ եւ հաստատէ ստեղծուած տարբեր յանձնախումբերու առաջարկած լուծումները: Եկեղեցին ի՛նքը պէտք է ունենայ իր փիլիսոփայութիւնը, իր աստուածաբանութիւնը՝ ինչպէ՞ս վերաբերիլ պետութիւններուն հետ առհասարակ եւ Հայաստանի ազգային պետութեան հետ մասնաւորաբար, որովհետեւ, ի վերջոյ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին Հայաստանի մէջ կը գտնուի:
Շատ բարդ իրավիճակ մըն է։ Անցեալ տարուան քաղաքական բանավէճը վրաս շատ ճնշիչ ազդեցութիւն թողուց, երբ բովանդակութեան որակը տեսայ ե՛ւ եկեղեցական աւագանիին վրայ յարձակողներու խօսոյթներուն, ե՛ւ նոյնքան ալ՝ անոնց պաշտպաններուն: Պաշտպանները միայն քաղաքական խօսոյթով կը սահմանափակուէին, կարծես անկէ անդին ուրիշ հարց չկար մեր Եկեղեցւոյ մէջ։ Քաղաքականը կարեւոր խնդիր է, բայց միակը չէ. շատ այլ կարեւոր խնդիրներ ալ կան:
Կը յիշեմ տարիներ առաջ, հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւուրեանը հրաւիրած էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայ համալսարանականներու միութիւն՝ Անթիլիասի մէջ։ Նիւթը արհեստական վիժումն էր: Սրբազանը ներկայացուց միջնադարէն մեզի աւանդուած օրէնքները, որոնք, ի հարկէ դէմ են կեանքի ընդհատման։ Վերջաւորութեան, ան բացատրեց, թէ ո՛ր պահէն յետոյ, երբ արդէն բեղմնաւորուած սաղմը կեանք է, մենք իրաւունք չունինք այդ կեանքին վերջ տալու: Երիտասարդ բժիշկները ըսին սակայն, որ իրենք ներկայիս վիժման համար որոշ դեղեր կ’առաջարկեն, որ սրբազանին ըսածին համապատասխան չէ: Սրբազանը շատ անկեղծ ընդունեց, որ մեր Եկեղեցին ինչքա՜ն հեռու մնացած է գիտական նորութիւններէն: Մենք քանի՞ բժիշկ ունինք մեր Եկեղեցւոյ անդամ: Հազարաւոր հայ առաքելական բժիշկներ կան: Մեր եկեղեցին չի՞ կրնար անոնցմէ բացատրութիւն խնդրել եւ ապա անոնց հիման վրայ պատասխան մը խմբագրել: Ապա թէ ոչ պէտք է ժողովուրդին խղճին ձգենք: Իսկ եթէ չձգենք, պէտք է պատճա՛ռ ըլլայ մեր այդ կեցուածքին համար, պէտք է ուսումնասիրուի միւս Եկեղեցիներուն այս հարցին շուրջ դիրքորոշումները: Պէտք է կարողանանք պատասխան մը ունենալ, որ որեւէ միջեկեղեցական ժողովի ժամանակ կարենանք մեր ուրոյն տեսակէտը պաշտպանել: Ուրախ եմ որ կը քննենք աշխարհիկ իշխանաւորներու վարքուբարքն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Նոյնը պէտք է նաեւ մեր Եկեղեցւոյ համար, որպէս մեր ամենաշարունակական կառոյցը:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
Տեսանիւթը՝ ստորեւ
