Բարեկարգել՝ ինքնակա՞մ, թէ՞ հարկադրաբար

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսին եւ վեց բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու դէմ յա­րու­ցուած դա­տական հե­տապնդու­մը մեծ աղ­մուկի, ինչպէս նաեւ թեր ու դէմ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու առիթ տուաւ։ Ար­տա­սովոր երե­ւոյթ մըն է այս, որ բնա­կանա­բար բա­նավէ­ճի դուռ կը բա­նայ։ Այն օրէն, երբ Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան եկե­ղեցին (ՀԱԵ) մտաւ քա­ղա­քա­կան դաշտ՝ Բագ­րատ արք. Գալստա­նեանի հիմ­նած «Սրբա­զան շար­ժում»-ով, որուն նպա­տակն էր իշ­խա­նու­թեան տա­պալու­մը, կա­ռավա­րու­թիւնը ի գործ դրաւ իր դա­տական ու քրէական գոր­ծի­քակազ­մը՝ զայն զսպե­լու հա­մար։ Եւ, ըստ երե­ւոյ­թին յա­ջողե­ցաւ, որով­հե­տեւ դա­տական հե­տապնդումնե­րու բե­րու­մով, եկե­ղեցա­կան­նե­րը այ­լեւս շատ աւե­լի զուսպ են ու զգու­շա­ւոր իրենց ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն մէջ, երբ հար­ցը կը վե­րաբե­րի պե­տական յե­ղաշրջում հրահ­րե­լուն։ Անոնց կող­մէ այ­լեւս նոյ­նիսկ փո­ղոցա­յին ցոյ­ցե­րու հրա­պարա­կային կո­չեր չեն հնչեր։

Ի վեր­ջոյ, դրա­կան երե­ւոյթ է, որ ըն­կե­րային ու ազ­գա­յին նման հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցե­րը լու­ծում կը գտնեն օրէն­քի հի­ման վրայ, դա­տաիրա­ւական մի­ջոց­նե­րով, եւ ոչ թէ փո­ղոցա­յին ցոյ­ցե­րով՝ ան­շուշտ այն յոյ­սով, որ դա­տարան­նե­րը ար­դար որո­շում կը կա­յաց­նեն։ Սա­կայն պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, որ Հա­յաս­տա­նի դա­տաիրա­ւական հա­մակար­գը դեռ բա­րելաւ­ման մեծ կա­րիք ու­նի. իշ­խա­նու­թիւննե­րու տա­րան­ջատման հա­մակար­գին մէջ անի­կա կը մնայ ամէնէն շատ բա­րեփոխ­ման կա­րօտ օղա­կը։

Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան եկե­ղեցին աւե­լի քան 1700-ամեայ պատ­մու­թիւն ու­նի. անի­կա հայ­կա­կան ամե­նաեր­կա­րակեաց հաս­տա­տու­թիւնն է, որուն հե­ղինա­կու­թիւնն ու օրի­նակա­նու­թիւնը ըն­դունուած են թէ՛ Հա­յաս­տա­նի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Իրա­ւական գետ­նի վրայ Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը յա­տուկ ու­շադրու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ ՀԱԵ-ին. անոր 18-րդ յօ­դուա­ծին մէջ յա­տուկ նշում կայ՝ հայ ժո­ղովուրդի հո­գեւոր կեան­քին մէջ ու­նե­ցած «ազ­գա­յին եկե­ղեց­ւոյ բա­ցառիկ առա­քելու­թեան» մա­սին։ Սա­կայն, նոյն յօ­դուա­ծի երկրորդ պար­բե­րու­թիւնը կը շեշ­տէ նաեւ, թէ «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Սուրբ Եկե­ղեցու յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կա­րող են կար­գա­ւորուել օրէն­քով»։ Կա­րեւոր ճշդում մը, որ սա­կայն, ցայ­սօր չէ կի­րար­կուած։ Այ­լա­պէս՝ ներ­կայ տագ­նա­պալի վի­ճակը հա­ւանա­բար չէր ստեղ­ծուեր։

Վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րուն ըն­թացքին եկե­ղեցի-կա­ռավա­րու­թիւն տագ­նա­պը այն­քան խոր ու լուրջ դար­ձաւ, որ փաս­տօ­րէն մղեց «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» (ՔՊ) կու­սակցու­թիւնը՝ իր խորհրդա­րանա­կան նա­խընտրա­կան ծրա­գրին մէջ որ­պէս նպա­տակ ար­ձա­նագ­րե­լու Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսին հե­ռացու­մը։ Ծան­րակշիռ դիր­քո­րոշում մը, որուն գործնա­կան հե­տեւան­քը այ­սօր տե­սանե­լի է Վե­հափա­ռին դէմ յա­րու­ցուած դա­տական հե­տապնդման ընդմէ­ջէն։ Նոր ձե­ւաւո­րուած խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն ՔՊ-ական երես­փո­խան­նե­րը չեն վա­րանիր Կա­թողի­կոսին մա­սին խօ­սելու ատեն զայն կո­չելու իր աւա­զանի անու­նով՝ Կտրիճ Ներ­սի­սեան։

Յատ­կանշա­կան է «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր»-ի նա­խընտրա­կան ծրա­գրին մէջ Վե­հափա­ռին դէմ այս հա­կադ­րութեան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը, ուր կը նշուի. «Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րում Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեցու փաս­տա­ցի ղե­կավա­րու­թեան գոր­ծունէու­թեան հե­տեւան­քով հա­ւատա­ւոր հան­րութիւնն օտա­րուել է եւ շա­րու­նա­կում է օտա­րուել Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեցուց, ին­չը, այդ թւում, հո­գեւոր անվտան­գութեան խնդիր է, քա­նի որ դա հնա­րաւո­րու­թիւն է ստեղ­ծել, որ ար­տա­քին ու­ժե­րը փորձ անեն Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեցին դարձնել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ան­կա­խու­թեան, ինքնիշ­խա­նու­թեան դէմ հիբ­րի­դային (խառ­նա­ձեւ) պայ­քա­րի յե­նակէտ»։ Խոր հա­կադ­րութիւն մը, որ միայն հա­յաս­տա­նեան կամ ազ­գա­յին ծի­րով չի սահ­մա­նափա­կուիր, այլ կ՚ընդգրկէ նաեւ Ռու­սաստանն ու ան­կասկած անոր դաշ­նա­կից պե­տու­թիւննե­րը, որոնց կա­տարուած ակ­նարկը բա­ցայայտ է։ Հե­տե­ւա­բար, կա­ռավա­րու­թիւն-եկե­ղեցի պայ­քա­րը մօտ ապա­գային աւե­լի թէ­ժանա­լու բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը ու­նի։

Ընդհան­րա­պէս ճգնա­ժամե­րը յար­մար առիթ են հա­մակարգ մը բա­րեկար­գե­լու հա­մար։ ՀԱԵ-ի ներ­քին հա­կասու­թիւննե­րը այնքան շատ են ու բազ­մա­շերտ, որ բա­րենո­րոգումնե­րու ան­յա­պաղ կա­րիք կայ՝ սկսեալ Եպիս­կո­պոսա­կան ժո­ղովի (սինո­դոս) հաս­տա­տու­մէն մին­չեւ ծի­սական ու վար­չա­կան հար­ցեր։ Սա­կայն, կա­ռավա­րու­թիւն-եկե­ղեցի առ­ճա­կատու­մը կար­ծէք թէ զի­նաթափ ըրած է ՀԱԵ-ի Նուիրա­պետա­կան աթոռ­նե­րու բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­նե­րը, որոնք բո­լորն ալ ինք­նա­պաշտպա­նական դիր­քե­րու վրայ կը գտնուին՝ բա­ցառու­թեամբ, թե­րեւս, ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թե­մի առաջ­նորդու­թեան, որ բա­րեկարգման ըն­դարձակ ծրագ­րի մը ձեռ­նարկած է։

Ժ.Չ. ■