Vogue France կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ կայացած եռօրեայ հարսանեկան տօնախմբութիւն մը

Հարսանիք

Vogue France անդրադարձած է Սարա-Մէյի եւ Գէորգիի՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած եռօրեայ հարսանիքին, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէն աւելի քան 200 հիւրեր համախմբած է։

Հարսանեկան տօնախմբութիւնը ծրագրուած էր այնպէս, որ հիւրերը ոչ միայն մասնակից դառնան զոյգին ուրախութեան, այլեւ բացայայտեն Հայաստանի բնաշխարհն ու մշակութային ժառանգութիւնը՝ միաժամանակ արժեւորելով փեսային հայկական արմատները։

Եռօրեայ հանդիսութիւնները ծաւալած են Հայաստանի պատմամշակութային տարբեր վայրերու մէջ՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարէն եւ Գեղարդի միջնադարեան վանքէն մինչեւ Երեւանի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Աննա եկեղեցին ու Սասունիկի արեւաշող խաղողի այգիները։

Զոյգին սիրոյ պատմութեան մէջ յատուկ տեղ ունեցած է նաեւ ֆրանսահայ մեծանուն երգիչ Շառլ Ազնաւուրը։ Գէորգի իր ամուսնութեան առաջարկը Սարա-Մէյին ըրած էր Ազնաւուրի հանրածանօթ «She» երգին կշռոյթներուն ներքեւ։

Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը՝ Հայաստանի մէջ իրենց հարսանեկան օրերուն նորապսակները բնակած են պատմական «Aznavour Suite»-ին մէջ՝ այն յատուկ սենեակը, ուր Շառլ Ազնաւուր սովորաբար կը բնակէր Հայաստան կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին։