Ազերպայճան դատի տուած է CNN-ը՝ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններուն վերաբերող «զրպարտիչ» յօդուածի մը համար
Ազերպայճան դատական հետապնդման դիմած է ամերիկեան «CNN» հեռատեսիլի ընկերութեան դէմ՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանին մէջ, մեղադրելով զայն իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան եւ ռազմական գործողութիւններուն՝ երկրի ներգրաւման մասին անհիմն եւ զրպարտիչ պնդումներ հրապարակելու յանցանքով։
Այս դատական քայլը կը բխի 2026 Յունիս 5-ին «CNN»-ի հրապարակած մէկ յօդուածէն, ուր կը պնդուէր, թէ Իսրայէլ Ազերպայճանի տարածքը կ՚օգտագործէ դրացի Իրանի դէմ գործողութիւններ կազմակերպելու նպատակով։ Մասնաւորապէս, զեկոյցը կը նշէր, որ իսրայէլեան յատուկ ջոկատայինները կը գործեն Ազերպայճանի հարաւը՝ իրանեան սահմանին մօտ, ուր կը կատարեն հետախուզական առաքելութիւններ, կ՚արձակեն անօդաչու սարքեր եւ կը տեղակայեն ելեկտրոնային գաղտնալսման համակարգեր։
Պաքու նախքան հրապարակումը կտրականապէս հերքած էր այս պնդումները եւ ապա քանի մը պաշտօնական պահանջագրեր ներկայացուցած էր՝ հերքում եւ սրբագրութիւն պահանջելով։ Քանի որ հեռատեսիլի ընկերութիւնը ընթացք չէր տուած հերքումի պահանջին, ազերպայճանական իշխանութիւնները պաշտօնապէս դատական ընթացքի ձեռնարկած են Տելաուէր նահանգի ԱՄՆ-ու Շրջանային դատարանին մէջ՝ մատնանշելով ազերպայճանական տարածքի օտարերկրեայ ռազմական նպատակներով օգտագործման վերաբերեալ պաշտօնական հերքումներու անտեսումն ու լրասփիւռին շարունակական կանխակալութիւնը։
