Ընդդիմութիւնը կը մերժէ Աննա Յակոբեանի հրաւէրը…

Աննա Յակոբեան

…Ընտանեկան բռնութեան օրինագիծի քննարկման շուրջ

Վարչապետին կինը՝ Աննա Յակոբեան հրաւէր ուղղած էր Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու ղեկավարներուն՝ միանալու ընտանեկան բռնութիւնը որպէս առանձին յանցագործութիւն ճանչնալու եւ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ համապատասխան փոփոխութիւններ կատարելու գործընթացին։ Ան յատկապէս կոչ ուղղած էր ընդդիմադիր կին երեսփոխաններուն՝ միանալու այս նախաձեռնութեան, եւ հանդիպումի հրաւիրած էր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանն ու «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեանը։

Սակայն, խորհրդարանի ընդդիմադիր այս երկու խմբակցութիւնները մերժած են Աննա Յակոբեանի հետ հանդիպելու առաջարկը։

«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան Օգոստոս 19-ին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է, որ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, իսկ իրենց կեցուածքին պատճառներուն պիտի անդրադառնան աւելի ուշ։

“Ո՛չ, պիտի չհանդիպինք, մնացեալը առանձին տեսանիւթով պիտի ըսենք”,– յայտնած է ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը։